ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Վահիտ Էրտեմ, «Ենիկիւն» թերթին մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, ցնցիչ խօսքեր ըրած է ու ըսած է, որ քիւրտերը սկսած են ամէն ինչ ձեռք առնել, ու մօտ օրէն թուրքերը այս երկրին մէջ փոքրամասնութիւն պիտի դառնան։
«Ապագային մարդիկ այս երկրին մէջ թուրքեր կային պիտի ըսեն», ըսած է ան, Եահշիհան կոչուած աւանը այցելելու ընթացքին։
«Սեւ ծովեան շրջանի մարդիկը շատ աշխատասէր կ՛ըլլան. ոմանք առեւտուր կ՛ընեն, արդիւնաբերութիւն ունին, կը հարստանան, ոմանք ալ կ՛ուսանին ու բժիշկ կամ փաստաբան կը դառնան։ Այս երկրին երկու վարչապետները՝ Մեսուտ Եըլմազն ու վարչապետ Էրտողանը, ռիզեցի են։ Եթէ ընդհանուր ակնարկ մը նետէք, կը տեսնէք, որ քիւրտերը շատ կ՛աշխատին ու սկսած են ամէն ինչ իրենց ձեռքին մէջ առնել։ Ժամ առաջ պէտք է բանանք մեր աչքերը։ Պարտաւոր ենք աշխատասէր ըլլալ», ազդարարած է երեսփոխան Վահիտ Էրտեմ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.