ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Յունիս 26ին եւ 27ին, Նիւ Ճըրզիի «Տուայթ Էնկըլվուտ» թատերասրահին մէջ, Նիւ Եորքի Թէքէեան մշակութային միութեան «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը ներկայացուց Ուիլեըմ Սարոյեանի «Սիրտս Լեռներուն Մէջ» թատերախաղը: Սոյն թատերախաղը նոյն թատերախումբին կողմէ 11 տարի առաջ դարձեալ բեմադրուած էր՝ երկլեզու, Մհեր Մկրտչեանի այրիին՝ Թամար Յովհաննէսեանի կողմէ:
Սարոյեանի այս գործը 1939էն ի վեր ներկայացուած է բազմաթիւ բեմերու վրայ, յատկապէս Հայաստանի մէջ:
«Սիրտս Լեռներուն Մէջ»ի պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրերուն: Պատերազմի գործած աւերը եւ աղքատութիւնը պատճառ կը դառնան, որ թատերախաղի պատմութեան գլխաւոր կերպարները իրենց տունէն դուրս դրուին եւ տագնապալից կեանք ապրին:
Նիւ Եորքի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը 13 տարիներ առաջ ծնունդ առաւ շատ համեստ պայմաններու մէջ: Այսօր ան ունի շուրջ 50 դերասան եւ նոյնքան՝ բեմի ետին աշխատող պատասխանատուներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.