ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Յուլիս 16, 2010ը նշանակալից օր է ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան համար: 47 պատանիներ, ընկերակցութեամբ Ընդհանուր վարիչ մարմինի եւ վարիչ կազմի անդամներուն, մեկնեցան Հայաստան եւ Արցախ՝ ծանօթանալու եւ հաղորդուելու հայրենիքի սրբազան հողին, ու հարստանալու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կերտած ու խորհրդանշող մշակութային եւ ազգային հարստութեամբ:
Խանդավառութիւնը մեծ է պատանիներուն, որոնք ամիսներ շարունակ անհամբեր կը սպասեն նշանակալից այդ վայրկեանին, երբ օդանաւը էջք պիտի կատարէ «Զուարթնոց» օդակայան եւ իրենք, Արարատի հովանիին ներքեւ, յաղթական բանակի մը պէս պիտի տողանցեն մայր հողին վրայ:
Բարի երթ, սիրելի պատանիներ: Բարի կեցութիւն մայրենի հողին վրայ:
Թող հայրենիքը ըլլայ հայօրէն ապրելու եւ հայօրէն մտածելու ձեր հիմնական ներշնչարանը:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակից դառնալ պատանիներու առօրեային, կրնան այցելել ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան կայքէջը՝ www.badanegan.ca:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին