ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լուիզիանայի ծովեզրի քարիւղածածկ աղէտը իր նմանը ունի արդէն Չինաստանի հիւսիսային շրջանի Դալիան քաղաքին մօտերը, ուր, դարձեալ ծովուն մէջ քարիւղ կը թափի պայթած քարիւղատար խողովակէն: Այստեղ, կը տեղեկագրուի, թէ որոշ տարածքներու ջրերեսը ծածկուած է քսան սանթիմեթր խորութեամբ քարիւղով:
Լուիզիանայի քարիւղահորի պայթումին նման, այս մէկն ալ կարելի է դասել աղիտալի այն արկածներու շարքին, որոնց պատճառած միջավայրի վնասներուն տարողութիւնը պէտք է փախցնէ մեր քունը:
Մեր քունը պէտք է փախցնենք նաեւ մեր մոլորակի հասարակութեան բնական զարգացման նոր հանգրուանի թեւակոխումին համար, որ կը նշանաւորուի ուժանիւթի օգտագործման ծաւալներուն մէջ Չինաստանի յաղթարշաւով: Այո, արդէն Չինաստանը գերազանցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ուժանիւթ օգտագործելու «մրցումին» մէջ՝ բարգաւաճութեան նոր ցուցանիշ մը արձանագրելով, բայց եւ մոլորակի ապագայով մտահոգուողներուն համար քայքայման ու կործանման երկրաչափային ոստումներով մօտենալու ազդանշանը հնչեցնելով:
Արեւմտեան աշխարհը հիմա իրար անցած է ու կ՛ահազանգէ վտանգը աշխարհի մօտալուտ կործանման, եթէ չգտնուի հնարը սահմանափակելու միջավայրի կեղտոտումը, որ կը նշանակէ սահմանափակումը մթնոլորտը ապականեցնող ուժանիւթի օգտագործումը, եւ այլընտրանքային, մաքուր ուժանիւթի աղբիւրներու տարածումը՝ աշխարհի բոլոր անկիւնները:
Տագնապած Արեւմուտքը, անշուշտ, բարոյապէս իրաւունք չունի Չինաստանէն կամ որեւէ այլ երկիրէ պահանջել, որ սահմանափակէ ուժանիւթի օգտագործումը, որպէսզի գոնէ քայքայումի թափը շատ չարագանայ: Ուժանիւթի «վայելքներ»ը ապրած ու տակաւին նոյն սպառողական տրամաբանութեամբ առաջնորդուող Արեւմուտքը իրաւունք չունի ուրիշներէ զոհաբերութիւն, ժուժկալութիւն կամ զգուշաւորութիւն ակնկալելու:
Արեւմուտքը, սակայն, կրնայ ու պարտի ուժանիւթի օգտագործման հիմնովին նոր քաղաքականութեան նախաձեռնողը, սկսողը, գործադրողը ըլլալ՝ օրինակ դառնալով բոլորին: Այլապէս, ընդհանրապէս Արեւմուտքին ու մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարեկեցութեան հասնող ու անցնող Չինաստանն ու միւս զարգացող երկիրները զիրար պիտի գերազանցեն՝ միջավայրային կործանարար նորանոր աղէտներ պարգեւելով երկիր մոլորակին ու մարդկութեան: