
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Երեքշաբթի, Յուլիս 20ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ հարցաքննուած է Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու նշանակուած Ֆրենսիս Ռիքիարտոնը:
Երբ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ փորձած է իմանալ ամերիկացի դիւանագէտին դիրքորոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման առնչութեամբ, Ռիքարտոն յայտարարած է, թէ դիւանագէտները անձնական քաղաքականութիւն չունին, եւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ ինք պիտի շարունակէ պաշտպանել ամերիկեան վարչակազմին որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Ան աւելցուցած է, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելը կարեւոր է տարածաշրջանին համար, եւ զայն Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւններէն մէկը նկատեց։ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մերձեցումը պիտի ամրապնդէ կայունութիւնն ու բարեկամութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ», ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ յորդորել Թուրքիան, որ վաւերացնէ արձանագրութիւնները, եւ պիտի աջակցի բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք ուղղուած են թուրքերու եւ հայերու միջեւ փոխըմբռնման կառուցման, միաժամանակ շեշտելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւման համար հարկաւոր է՝ «անկեղծ, ամբողջական եւ արդար ճանաչում կատարել այս ժողովուրդներու պատմութեան»:
Ան նաեւ ըսաւ, թէ նախագահ Պարաք Օպամա իր ելոյթներուն ընթացքին արդէն իսկ ազդու կերպով խօսած է «1915ի իրադարձութեանց մասին»՝ զանոնք համարելով 20րդ դարու ամենամեծ բռնարարներէն մէկը. «Ան նշեց 1.5 միլիոն զոհերու պարագան, եւ գործածեց «ջարդուած» բառը: Ան բաւական յստակ յայտարարութիւն մը կատարեց», ըսաւ թեկնածուն:
Պատասխանելով երկրորդ հարցումի մը, թէ՝ ինք անձամբ ի՞նչ կրնայ ընել, դեսպանի պաշտօնի թեկնածուն յիշեցուց, թէ ինք անցեալին սպասարկած է Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ եւ իր առաջին կեցութեան ընթացքին նաեւ այցելած է «ոգիներու քաղաքի վերածուած Խարբերդ քաղաքը, որ անցեալին հայկական աշխոյժ համայնք մը ունէր: Ես դիտումնաւոր կերպով հոն այցելեցի, երբ Ատանայի փոխհիւպատոսի պաշտօնին վրայ կը գտնուէի»: Ան աւելցուց, թէ տեսակցութիւն մը ունեցած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին հետ եւ օժանդակութիւններ տրամադրած է ամերիկահայ զբօսաշրջիկներուն:
Ան պատասխաններ տուաւ նաեւ բռնագրաւեալ Կիպրոսի, թուրք-իսրայէլական վերջին լարուածութիւնը նուազեցնելու, Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց, թուրք-իրանական յարաբերութիւններու եւ յատկապէս Թուրքիոյ դիրքորոշումը Արեւմուտքին համար աւելի ընդունելի դարձնելու մասին հարցումներու։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ մինչեւ այն ատեն, որ Ուաշինկթըն նման անպատասխանատու կեցուածքով կը փորձէ խուսափիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, նախագահ Օպամա կամ անոր դեսպանները պիտի չկարենան պահանջել Թուրքիայէն, որ այդ ճանաչումը կատարէ: