ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 21ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, «Modus Vivendi» հասարակական-քաղաքական կեդրոնի ղեկավար, պատմաբան Արա Պապեան անդրադարձած է ԼՂՀ հիմնախնդիրին՝ յայտնելով. «Միջնորդ երկրներն ընդամէնը միջնորդական առաքելութիւն պէտք է իրականացնեն, նրանք միջնորդ են, հարց լուծող չեն: Իրենք խօսքը տանող-բերող են, պէտք է միջնորդեն, որ հակամարտող կողմերը՝ հայկական կողմը եւ ատրպեճանական կողմը, որոշում կայացնեն»։
Ըստ իրեն, վերջին ժամանակահատուածին նախագահող երեք երկիրները աշխոյժ յայտարարութիւններ ընելով՝ քիչ մը կը գերազանցեն իրենց լիազօրութիւնները եւ հովանաւորութիւնը:
Պապեանի կարծիքով, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ որոշ ճնշումներու ազդեցութեան տակ զիջումներու երթան։ «Մենք պէտք է անենք այն, ինչ բխում է մեր շահերից: Մեր շահերից բխում է այս տեսքով «Սթաթուս քուօ»ն պահպանելը: Տեսէք՝ ո՛վ, ի՛նչ է տալիս. հայկական կողմը տալիս է ռէալ ինչ որ բան, տալիս է հող, որն ի վերջոյ երկրի անվտանգութիւնն է ապահովում: Իսկ ի՞նչ է տալիս Ատրպէյճանը՝ խոստում, պարզապէս խոստում, որը ոչ մի բանով չի ամրագրւում: Մենք պատմութիւնից շատ լաւ գիտենք, որ ստորագրուած եւ վաւերացուած պայմանագրերը չեն իրականացւում. ի՞նչ երաշխիք, որ 5 տարի կամ 10 տարի յետոյ նրանք կը յարգեն այդ պարտաւորութիւնները: Նրանք միշտ ազնուօրէն ասել են՝ մենք տեսնում ենք ԼՂ կարգավիճակը միայն Ատրպէյճանի կազմում», ընդգծած է Պապեան:
Ըստ բանախօսին, այնքան ատեն, որ դեռ Հայաստանին յստակ լուծումներ չեն առաջարկուած, մենք պէտք չէ զիջումներու երթանք, քանի որ ատիկա ոչ թէ կը մօտեցնէ խաղաղութիւնը, այլ կը մեծցնէ պատերազմի հաւանականութիւնը: «Ազատագրուած տարածքների յանձնումը կը բերի Հայաստանի տկարացմանը, եթէ չասենք՝ կործանմանը», նշած է Պապեան։ Ան չէ ժխտած, որ ԼՂՀ հիմնախնդիրի չլուծուած ըլլալը բացասական ազդեցութիւն ունի Հայաստանի համար, քանի որ «սա չլուծուած խրոնիկ խնդիր է: Սակայն սա աւելի լաւ վիճակ է, քան զիջումների գնալը: Զիջումների գնալով՝ պատերազմի վտանգն աւելի կը մեծացնենք, քանի որ գայթակղութիւնների կը տանենք Ատրպէյճանին, մեր պաշտպանական դիրքերը կը թուլանան», աւելցուցած է ան:
Պապեանի կարծիքով, վերջին ամիսներուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ տարածքներ զիջելու մտադրութիւնը փոխուած է։ Տարածքներ զիջելը դիւրին չէ, որովհետեւ կրնայ հասարակական ընդվզում յառաջացնել. «Մեծ արտագաղթ կը լինի Ղարաբաղից, 100 հազարաւոր մարդիկ դուրս կը գան փողոց, իշխանական բուրգը կը քանդուի», ըսած է Պապեան եւ աւելցուցած, թէ ԼՂի պարագային, զիջումներու մասին խօսիլ՝ կը նշանակէ, որ Հայաստանը կրնայ տարածք զիջիլ, մինչ Ատրպէյճանը, իբրեւ զիջում՝ կը ներկայացնէ իր խոստումները։
Մեկնաբանելով ՀՀՇի վերջին համագումարին ընթացքին Հայաստանի առաջին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի հնչեցուցած միտքը, թէ՝ առանց ԼՂ խնդիրի լուծման Հայաստանը զարգացման հեռանկարներ չունի, Ա. Պապեան յայտնած է, թէ բնականաբար, որեւէ հարցի մը երկար ժամանակ անլոյծ մնալը կը յառաջացնէ խնդիրներ, սակայն ներկայիս տարածքներու զիջումը լուծում չէ, քանի որ «այս դէպքում, մենք կը բացենք վէրքը, եւ այն կը սկսի արնահոսել: Ղարաբաղի հարցի ներկայ դրութիւնը չի կարելի համարել լաւը, քանի դեռ խնդիրը լուծուած չէ, սակայն այս իրավիճակը հնարաւորներից լաւագոյնն է», ըսած է պատմաբանը՝ աւելցնելով. «ԼՂ հիմնախնդիրը խոչընդոտում է ներդրումներին, սակայն դա չի նշանակում, որ պարտադիր պէտք է զիջումների գնալ: Ցանկացած զիջումից յետոյ նորն են պահանջելու», նշած է ան։ Ըստ իրեն, զիջումներու մասին կարելի է մտածել միայն այն պարագային, եթէ Հայաստանի վերջնական լուծում եւ խաղաղութեան համաձայնագիր առաջարկուի:
Անոր խօսքով, զիջումներու պարագային, Ատրպէյճան կրնայ արագօրէն վերաբնակեցնել այդ տարածքները. «Մենք ԼՂ ազատագրուած տարածքների բնակեցման ձախողում ունենք, իսկ Ատրպէյճանն այսօր տանը դրած փող ունի, վերաբնակեցման խնդիր չունի», աւելցուցած է Արա Պապեան:
Խօսելով միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման միտումներուն մասին՝ «Modus Vivendi» կեդրոնի ղեկավարը յայտնած է, թէ «Համաշխարհային դիմակայութեան կենտրոնը ԽՍՀՄ փլուզումից յետոյ Եւրոպայից տեղափոխուել է Միջին Արեւելք, այսինքն՝ աշխարհագրօրէն մեզ աւելի մօտ տարածք, ինչը նշանակում է, որ մենք նոյնպէս ներառուած ենք այդ գործընթացների մէջ»։ Ըստ իրեն, միւս միտումները դիմակայութեան բովանդակութեան եւ ձեւի փոփոխութիւններն են. բովանդակութեան առումով, գաղափարական դիմակայութիւնը փոխարինուած է քաղաքակրթականով, իսկ ձեւի առումով, եթէ առաջ Արեւմուտք-Արեւելք պայքարը կ՛ընթանար Եւրոպայի կեդրոնով անցնող գիծի ուղղութեամբ, ապա այժմ՝ կէտային է, եւ այդ պայքարի կէտերէն մէկն ալ Լեռնային Ղարաբաղն է:
«Այս ամէնի մէջ Հայաստանի համար ամենակարեւորը Թուրքիայի քաղաքականութեան փոփոխութիւնն է, այսինքն՝ այն դառնում է աւելի ինքնուրոյն, անկառավարելի, ինչ որ չափով նաեւ՝ գոռոզ ու մեծամիտ», նշած է պատմաբանը՝ օրինակ բերելով, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան վերջերս ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, դէմ քուէարկած է Իրանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման, մինչդեռ այդ բանաձեւին կը սատարէր Միացեալ Նահանգները: Իսկ Թուրքիոյ քաղաքականութեան փոփոխութեան ամենավառ դրսեւորումը Իսրայէլի հետ հակադրութիւնն է, որ բաւական բացասական կերպով կ՛ընկալուի Արեւմուտքի եւ ԱՄՆի մէջ:
«Մեզ համար այս գործընթացների մէջ առաւել կարեւորն այն է, որ ԱՄՆն մեր տարածքում սկսում է նոր դաշնակիցներ որոնել կամ ստեղծել, իսկ եթէ Հայաստանը ճիշդ քաղաքականութիւն վարի, ապա կարող է դառնալ իսկապէս համաշխարհային դերակատարութիւն ունեցող երկիր», ըսած է Ա. Պապեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.