«Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ հիւսիսարեւմտեան Սաքարիա նահանգի Սողութլու շրջանին մէջ գտնուող երկու թուրքեր հայկական եւ յունական գերեզմաններ պղծած են: Շրջանի ոստիկանները ձերբակալած են երկու կասկածելիները:
Ըստ ոստիկանութեան հաղորդած նախնական տուեալներուն, երկու օրինախախտ քաղաքացիները գանձեր փնտռելու նպատակով «պեղումներ» կատարած են հայկական եւ յունական գերեզմանոցներուն մէջ: Ըստ «Էրմենիհապեր» լրատուական գործակալութեան, ձերբակալուած կասկածելիներուն դէմ քրէական դատ բացուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.