
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական դատարան մը Երեքշաբթի, Յուլիս 20ին, չէ բաւարարած Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկին կողմէ՝ «Սարը Կելին. Հայկական հարցի իրական դէմքը» վերնագիրով շարժապատկերին ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ դադրեցնելու պահանջքով ներկայացուած հայցը։
Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցումով, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը հայց ներկայացուցած էր ընդդէմ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան, շարժապատկերին նախակրթական հաստատութիւններուն մէջ ցուցադրութեան հարցով։ Հայցին մէջ կը նշուէր, որ շարժապատկերին ցուցադրութիւնը կը հակասէ ժողովրդավարական չափանիշներուն եւ հանդուրժողականութեան ձեւաւորման, ինչ որ բացասաբար կ՛ազդէ աշակերտներու հոգեկան աշխահին վրայ։
Սակայն, Պոլսոյ դատարանի որոշումին մէջ կը նշուի, որ «շարժապատկերը կը կրէ բացառապէս տեղեկատուական բնոյթ»։
Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթին, նշելով, որ իրենք դատարանի որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում պիտի կատարեն՝ յայտարարած է. «Այդ փաստագրական շարժապատկերը կ՛արտացոլացնէ միակողմանի տեսակէտ։ Եթէ անիկա կը ցուցադրուի չափահասներուն, ապա անոնք կրնան քննարկել շարժապատկերին բովանդակութիւնը։ Մինչդեռ շարժապատկերը կը ցուցադրուի նախակրթական հաստատութիւններու մէջ ուսանող աշակերտներուն, որոնք նման դատողութիւններ ընելու տարիքի մէջ չեն։ Այդ շարժապատկերին մէջ կան այնպիսի տեսարաններ… գանկեր, կտրուած գլուխներ, դիակներ… իսկ այդ ամէնը բացասաբար կ՛ազդէ այդ տարիքի երեխաներուն եւ անոնց զարգացման վրայ»։
Չեթին յայտարարած է նաեւ, որ այդ շարժապատկերը թշնամանք կը սերմանէ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս հայերու նկատմամբ։ «Սարը Կելին. Հայկական հարցի իրական դէմքը» շարժապատկերը պատրաստուած էր Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի յատուկ պատուէրով, եւ կ՛արտացոլացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Անգարայի մերժողական քաղաքականութիւնը, ու կը ցուցադրուի Թուրքիոյ բոլոր դպրոցներուն մէջ։
2009ին, շարժապատկերին ցուցադրութեան համար Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան դէմ հայց ներկայացուցած էր նաեւ մասնագիտութեամբ բժիշկ թուրք Սերտար Քայան։ Ան իր բողոքը հիմնաւորած էր այն փաստով, որ դպրոցին մէջ այս շարժապատկերին ցուցադրումը բացասական ազդեցութիւն ձգած էր իր 11ամեայ դստեր հոգեկան աշխարհին վրայ՝ բորբոքելով «ատելութեան եւ թշնամանքի» զգացումներ։ Քայան կը պահանջէր նաեւ պատասխանատուութեան ենթարկել դպրոցի ուսուցիչները։
Օրին Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, ըստ որուն, Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ շարժապատկերին ցուցադրումը կը դադրեցուի։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ շարժապատկերը նախատեսուած եղած է ոչ թէ աշակերտներու, այլ պատմութեան ուսուցիչներուն համար։
Սակայն շաբաթներ ետք, Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը դպրոցներուն ուղարկած էր շարժապատկերին օրինակները՝ հրահանգելով զայն ցուցադրել աշակերտներուն:
Ֆիլմին ցուցադրութեան դէմ իր բողոքի ձայնը բարձրացուցած էր նաեւ Թուրքիոյ հայ համայնքը, որ նամակով դիմած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին։
Անբաւարար լրատւութիւն…,
եթէ այս պատմութեան իմաստը այն է, թէ Հայոց Ձեղասպաննութիւնը հակակշրելու համար ստեղծած են սուտ պատմութիւն մը- որպէս թուրքերու ջարդ Հայերու կողմէ- պէտք է Թուրքիան Դատի տանել «ԼԱ ՀԵՅ»ի միջազգային դատարան…