
Շաբաթ, Յուլիս 17ի առաւօտուն, «Արարատ» տան Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ շիջեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն ու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմի բազմաշխատ նուիրեալներէն Սմբատ արք. Լափաճեան՝ կնքելով լիարժէք կեանք մը, որուն վերջին աւելի քան 40 տարիները կենսագործուեցան մեր թեմին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը գուժեցին հոգելոյս սրբազանին վախճանումը։
ՈՐԲՈՒԹԵՆԷ ԴԷՊԻ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Սմբատ սրբազանի կեանքի ուղին կերտուած է հետեւողական աշխատանքով ու անսպառ ծառայութիւններով, սկսելով չափահասութեան առաջին տարիներէն մինչեւ երկրաւոր կեանքին կնքումը։ Ան մէկ անդամն էր յետցեղասպանութեան առաջին սերունդին, որուն համար որբութիւնն ու ինքնակերտումը եղած են կեանքի չափանիշ։
Ծնած էր Պէյրութ, 1927ին: Աւազանի անունն էր Սեդրակ: Կանուխէն կորսնցուցած է ծնողքը եւ ազգականներու ձեռամբ առաջնորդուած է Ճիպէյլի դանիական «Թռչնոց Բոյն» որբանոց-դպրոցը ու յանձնուած՝ Մարիա Եագոպսընի հոգածութեան: Հոն կ՛անցնին Սեդրակի մանկութեան եւ պատանութեան տարիները: 1941ին շրջանաւարտ կ՛ըլլայ հաստատութեան միջնակարգ վարժարանէն: Խոր յարգանք ու սէր ունէր ազնիւ տնօրէնուհիին՝ Մարիա Եագոպսընի հանդէպ, որ իր ու ճակատագրակիցներուն համար եղած է գուրգուրացող մայր։
Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, հազիւ 14 տարեկան, ու բոլորովին անօգնական, պատանի Սեդրակ կը ստիպուի ի խնդիր հացի նետուիլ գործի ասպարէզ: Մօտ վեց տարի կ՛աշխատի այդ օրերուն Լիբանան գտնուող անգլիական բանակին մէջ, իբրեւ մեքենագրող եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան պաշտօնեայ: Միաժամանակ ինքզինք կը նուիրէ ինքնազարգացման:
1948ին, երանաշնորհ Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեանցի կողմէ կ՛ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր կ՛ուսանի մինչեւ 1952: 1953ին, մէկ տարուան շրջանով սարկաւագի պաշտօն կը կատարէ Երուսաղէմի Ս. Յարութիւն տաճարի հայոց իրաւանց բաժինին մէջ: 1954-1958 տարիներուն կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ ազգային վարժարաններու մէջ, Յորդանան եւ Լիբանան:
1956ին, ուսուցչական պաշտօն կատարելով հանդերձ, կը յաճախէ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանը՝ որպէս լրիւ ուսանող: Համալսարանի սոֆոմոր դասարանը կ՛աւարտէ 1958ին:
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Նոյն տարին, երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի՝ ձեռամբ Արտակ արքեպիսկոպոսի, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Յուլիս 13, 1958ին, Վարդավառի Կիրակին, վերակոչուելով Սմբատ աբեղայ:
Հայր սուրբը իր ուսումը կը շարունակէ աստուածաբանական եւ փիլիսոփայութեան ճիւղերուն մէջ՝ հետեւելով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի դասընթացքներուն, եւ 1960ին շրջանաւարտ կ՛ըլլայ պսակաւոր աստուածաբանութեան տիտղոսով:
Անթիլիասի վանքին մէջ, հայր սուրբը վարած է Դպրեվանքի տեսչական, ուսուցչական եւ դիւանապետի պաշտօններ:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ՄԷæ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
1961ի Յունուարին, հայր սուրբը կը կոչուի Լոս Անճելըսի Հայց. առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովւութեան պաշտօնին, զոր կը վարէ անխափան, մինչեւ իր առաջնորդ ընտրութիւնը՝ 1973ի Յունիս ամիսը, աւելի քան տասներկու տարիներ:
Հայր սուրբը, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովւութեան շրջանին (1961-1973), կը կտրէ հետեւեալ հանգրուանները.
1961ի Մարտին կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն, ձեռամբ Հրանդ արքեպիսկոպոսի, իբրեւ աւարտաճառ պատրաստելով «Հայաստանի հոգեւոր կեանքը առաջին հինգ դարերուն» ուսումնասիրութիւնը:
1961ի կէսերէն մինչեւ 1963 թուականը, երկու տարի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հետ միաժամանակ՝ կը վարէ հովւութիւնը Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ: Նոյն տարիներուն կը շինուի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, որուն կառուցման համար կը բերէ նիւթական եւ վարչական լայն մասնակցութիւն:
1963ին կը մասնակցի Խորէն Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան, իբրեւ Ամերիկայի թեմի պատգամաւոր:
1963-1964 տարեշրջանին, կը դասախօսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) հայագիտական ամպիոնին՝ դասաւանդելով գրաբար եւ աշխարհաբար լեզուները աւարտական դասարաններուն:
1963-1968 տարիներուն կը հաստատէ կիրակնօրեայ երկլեզուեան ռատիօ-քարոզներու ժամը, լայն ընդունելութիւն գտնելով Լոս Անճելըսի եւ շրջակայից հայ հասարակութենէն:
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
1965ի Յունուարին հիմնարկէքը կը կատարէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Մեսրոպեան» վարժարանին՝ տեւաբար գործօն մասնակցութիւն բերելով վարժարանի կրթական եւ վարչական գործերուն:
1965ի Մայիսին կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն, ձեռամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ:
1966ին կը կոչուի Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօնին, զոր կը վարէ մինչեւ իր առաջնորդ ընտրութիւնը:
1973 Յունիս 2ին, Արեւմտեան թեմի առաջին երեսփոխանական ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի անդրանիկ առաջնորդ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան նահանգներուն:
1974 Յունիս 2ին, Հոգեգալստեան Կիրակիին, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ, ձեռամբ երանաշնորհ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:
Իր առաջնորդութեան շրջանին (Յունիս 1973-Սեպտեմբեր 1977) հաստատուեցաւ առաջնորդութեան գրասենեակը եւ կազմակերպուեցաւ վարչական դրութիւնը: Այլ իրագործումներու կարգին, յիշատակութեան արժանի է Լիբանանի աղէտեալներուն համար կատարուած հանգանակութիւնը:
Նոյն տարիներուն, հաստատուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ Օրենճ Քաունթիի համայնքը, որ հետագային կոչուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: Նմանապէս, հաստատուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ ամէնօրեայ վարժարանը (հետագային Անուշ եւ Վահան Շամլեան ազգային վարժարան): Կատարուեցաւ հիմնօրհնէքը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ, որուն կառուցումը ընթացք առաւ շուտով։
1981 Ապրիլ 4ին, արժանացաւ Արքութեան պատիւի եւ տիտղոսի, հոգելոյս Խորէն Ա. կաթողիկոսէն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
1978-1985 տարիներուն, կրօնք եւ բարոյագիտութիւն կ՛ուսուցանէ Ազգ. «Մեսրոպեան» եւ «Ալէքս Փիլիպոս» վարժարաններուն մէջ: Նոյն ժամանակաշրջանին նաեւ քարոզիչ կը կարգուի Ս. Խաչ եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն:
1986-1990 տարիներուն վարած է ատենապետութիւնը Արեւմտեան թեմի Կրօնական ժողովին:
1985-1994ին կը վարէ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսչութիւնը:
1994 Յունուարին հանգստեան կը կոչուի, սակայն կը շարունակէ իր կամաւոր հոգեւոր ծառայութիւնը Ս. Խաչ Մայր տաճարի համայնքին:
Այս տողերը միայն համառօտ կերպով կը ներկայացնեն հոգելոյս սրբազանին վաստակը։ Վերջին տարիներուն, թէեւ ան դիմագրաւեց առողջական դժուարութիւններ, սակայն ըստ կարելւոյն մնաց պատնէշի վրայ։ 1998ին, նշուեցաւ անոր քահանայական ծառայութեան 40ամեակը. այդ առիթով պատրաստուած յուշամատեանը մէկ մանրանկարը կը կազմէ անոր ծառայական կեանքին։