ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Զառա Ամատունիի համաձայն, իբրեւ զբօսաշրջութեան վայր՝ համակողմանի ուսումնասիրութեան կ՛ենթարկուի Վայոց Ձորի մարզի Մոզրով գիւղի մօտակայքը գտնուող քարանձաւը։ Ըստ ղեկավարին, աշխարհի մէջ նման քարանձաւներու հանդէպ կայ յատուկ մօտեցում (լիբանանեան Ճայիթա քարանձաւը լաւագոյնն ու ամէնէն աւելի յայտնի քարանձաւն է այս տեսակին մէջ) ու յատուկ ծրագիրներ, որոնք կը զբաղին անոնց պահպանութեամբ՝ միաժամանակ զանոնք վերածելով զբօսաշրջիկներ հետաքրքրող վայր:
Ըստ Զ. Ամատունիի, Մրցունակութեան հիմնադրամը կազմակերպած է Մոզրովի քարանձաւի նախնական ուսումնասիրութիւնը՝ միջազգային փորձագէտներու մասնակցութեամբ:
Մոզրովի քարանձաւի հնարաւորութիւններու ուսումնասիրութեան նպատակն է զայն դարձնել զբօսաշրջիկներու համար հետաքրքրական եւ հասանելի վայր: Կը նախատեսուին նաեւ քայլեր՝ ուղղուած քարանձաւի պահպանութեան հարցերուն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը կը գործէ պետական եւ սեփական ոլորտներու համագործակցութեան սկզբունքով, եւ կ՛իրականացնէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներ՝ զբօսաշրջութեան զարգացման, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ:
Հիմնադրամի զբօսաշրջութեան ոլորտի առաջապահ ծրագիրը «Տաթեւի Վերածնունդ»ն է, որուն ծիրէն ներս կը կառուցուի աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղին, որ պիտի սկսի գործել այս տարուան Հոկտեմբերին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.