ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ դատարանը Երկուշաբթի, Յուլիս 19ին միաձայնութեամբ ընդունեց «Լախտի հարուած» կոչուած պետական հարուածի ծրագիրին մասին պատրաստուած ամբաստանագիրը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 196 ամբաստանեալներ պիտի դատուին պետական հարուած ծրագիրնելու յանցանքով։ Ամբաստանեալներուն մէջ կը գտնուին ներկայիս գործօն եւ հանգստեան կոչուած զօրավարներ, առաջին զօրաբանակի նախկին հրամանատար Չեթին Տողան, ծովային ու օդային ուժերու հրամանատարներ Էօզտեն Էօրնեք ու Հալիլ Իպրահիմ Ֆըրթընա, նաեւ սպայակոյտի նախագահի նախկին տեղակալ Էրկին Սայկուն: Անոնք պիտի դատուին մզկիթներ ռմբահարելու, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ գործակցելու եւ թրքական օդանաւ մը զգետնելու նման ծածուկ ծրագիրներ պատրաստած ըլլալու մեղադրանքով։
Ամբաստանագիրը կը բաղկանայ 968 էջերէ ու 183 թղթածրարներէ։ Ամբաստանեալներուն համար դատախազը կը պահանջէ 15-20 տարի բանտարկութեան պատիժ։
«Լախտ» ծրագիրը առաջին անգամ երեւան հանուեցաւ «Թարաֆ» թերթին կողմէ, որ Պոլսոյ դատախազութեան յանձնեց 2229 էջնոց փաստաթուղթեր, բազմաթիւ ձայնային արձանագրութիւններ:
Առաջին անգամ է, որ բարձրաստիճան բանակայինները այսքան լուրջ ամբաստանութեամբ մը դատարան պիտի յանձնուին։ Ամբաստանեալներէն ոմանք իրենք զիրենք կը պաշտպանեն այն պնդումով, թէ իրենք պատրաստած են իրենց մեծաւորներուն կողմէ հրահանգուած ուսումնասիրութիւններ, առանց գիտնալու, թէ յանցագործութեան մը մեղսակից են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.