ԱՐԳԻՃ, «Նիուզ».- Յուլիս 20ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Գեղարքունիքի մարզի Վերին Գետաշէն համայնքի բնակիչ Պայծառ Աղաբաբեան տեղեկացուցած է, թէ Յուլիս 19ին, Մարտունիի հինգ համայնքներու բնակիչներ հաւաքուած եւ բողոքելով՝ փակած էին Լիճք եւ Ներքին Գետաշէն գիւղերուն միջեւ գտնուող եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ճանապարհը՝ արտայայտելով իրենց անհամաձայնութիւնը Արգիճի գետին վրայ ելեկտրական կայանի (ՀԵԿ) կառուցման:
Ցոյցին նախաձեռնող խումբին անդամ Աղաբաբեանը յայտնած է, թէ Գեղարքունիքի մարզպետը՝ Նուէր Պօղոսեան, ցոյցի վայր հասած է 4 ժամ ետք եւ հաւաստած, որ տեղեակ չէ Արգիճի գետին վրայ ՀԵԿ կառուցելու նախաձեռնութեան մասին: «Գիւղացիներն, ի հարկէ, չեն հաւատում նրա խօսքերին, որովհետեւ հնարաւոր չէր չնկատել այն ծանր թեխնիքան, որը դեռ 2009ից աշխատում է այդ վայրերում, փորում տարածքը եւ խողովակներ անցկացնում», շեշտած է Պայծառ Աղաբաբեան, որ յայտնած է. «ՀԵԿի կառուցման հետեւանքով, առանց ջրի է մնում 7 համայնք, իր աւելի քան 30 հազար բնակչութեամբ: Թող հարստանան որքա՛ն ուզում են, բայց ոչ մեր թափած քրտինքի հաշուին: Ինչո՞վ պէտք է ոռոգենք մեր հողերը, որոնց մեծ մասն արդէն իսկ էռոզիայի (հողի սահք-Խմբ.) է ենթարկուել»:
Իր կարգին, Գաւառի «Օրհուս» բնապահպանական-հասարակական կեդրոնի համակարգող Լիանա Ասլանեան տեղեկացուցած է, որ ինք, համայնքներու բնակիչներուն եւ նշեալ կեդրոնին անունով, ՀԵԿի շինարարութիւնը դադրեցնելու եւ անոր պատճառով բնութեան եւ շրջանի բնակչութեան հասցուելիք վնասներուն մասին նամակ ուղարկած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: «Նամակն ուղարկուել է Յունիսի 13ին, սակայն մինչ այժմ որեւէ պատասխան չենք ստացել», տեղակացուցած է ան՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ թէեւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ կառուցապատման աւարտին պատճառով ՀԵԿի շինարարական աշխատանքները կանգնած են, սակայն անոնք մեծ թափով կը շարունակուին Վայոց Ձորի մարզին մէջ: Ըստ Լիանա Ասլանեանի, յստակ չէ, թէ որոնք են ՀԵԿի իսկական տէրերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.