Յուլիս 5ին սկսած այս տարուան ՀԵԴ ճամբարներու նախօրեակին, Յունիս 25-27ի շաբաթավերջին, խումբ մը ՀԵԴականներ լծուեցան բանակավայրը մաքրելու եւ նորոգելու աշխատանքներուն՝ լաւապէս հիւրընկալելու համար բանակողները:
Կ՛ակնկալուի, որ այս տարուան ընթացքին, շաբաթական ճամբարներու մասնակցի աւելի քան 700 հոգի:
2006ին, ՀԵԴն որոշեց յառաջիկայ 7 տարիներու ընթացքին ընդարձակել ու արդիականացնել բանակավայրը, որուն կառոյցներէն 13ը արդէն իսկ ամբողջութեամբ նորոգուած են:
ՀԵԴ ճամբարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.AYFcamp.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.