ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրի չորս մասնակիցները, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ արդիւնաբեր շրջան մը բոլորեցին՝ սկսելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար ամերիկեան յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով քոնկրեսականներու կատարուած հեռաձայններէն, հասնելով մինչեւ Հայաստանի դիւանագէտներու եւ քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներ:
2010ի ծրագիրը, որ իր տեսակին մէջ տարեկան 26րդն էր, Հայ Դատի պայքարին համար պատրաստեց եւս չորս հոգի. անոնք էին՝ Անուշ Աբրահամեան, Կասիա Ասատուրեան, Սաթենիկ Յարութիւնեան եւ Մանուէլ Մակպապեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Քարաքաշեան կը յայտնէ, թէ 8 շաբաթեայ վարժողական այս ծրագիրէն ետք, մասնակիցները իրենց գաղութները կը վերադառնան իրենց քաղաքական գործունէութիւնը նոր մակարդակի մը բարձրացնելու համոզումով:
Նշեալ աշխատանքներուն կողքին, վարժողական ծրագիրին մասնակիցները նաեւ ներկայ եղան դասախօսական ձեռնարկներու, եւ հանդիպումներ ունեցան Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դեսպաններուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.