ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը Յուլիս 15ի իր նիստով հաստատած է «Շտապ օգնութիւն» ծառայութեան արդիականացման միտող միջոցառումներու իրականացման ժամանակացոյցը։
Նշեալ միջոցառումներու ծիրէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել կառոյցի արդիականացում, կազմակերպել մարդուժի վերապատրաստում, իսկ շարժակազմը համալրել նոր մեքենաներով:
Նախարարը նաեւ հաղորդած է, որ ըստ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն, Հայաստանի «Շտապ օգնութիւն»ը պիտի ստանայ 88 նոր ինքնաշարժներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.