ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, նոր համալսարաններ բանալու վերաբերող օրինագիծի քննարկման ընթացքին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու միջեւ սուր վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է։
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխան Եըլմազ Թանքութ, օրինագիծի առնչութեամբ իր խօսքը արտասանելէ ետք, իր տեղը վերադառնալու ընթացքին, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Մուհէյիտտին Աքսաքին ըսած է. «Ամբողջ իմ խօսքիս ժամանակ խօսեցաք։ Նախ լսեցէ՛ք, հասկցէ՛ք, ապա խօսեցէք»։
Այդ խօսքերէն ետք, պատգամաւորներուն միջեւ ծեծկռտուք սկսած է։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխանը բռունցքով հարուածած է Ազգայնական շարժումի անդամ երեսփոխանին, իսկ այս վերջինը աքացիով մը հակադարձած է։ Մնացեալ երեսփոխաններու միջամտութեամբ կացութիւնը կարելի եղած է զսպել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.