ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մշակած է հայրենադարձութեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ՝ լուծումներու երկու նախագիծ՝ «Հայրենադարձութեան մասին ՀՀ օրէնք» եւ «ՀՀ հայրենադարձութեան հայեցակարգ»:
Ըստ սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան վարչութեան պետ Արման Եղիազարեանի, նշուած նախագիծերէն առաջինը ունի օրէնքի յատուկ կառուցուածք, բաղկացած է 4 գլուխներէ եւ 23 յօդուածներէ: 1ին գլուխը Ընդհանուր դրոյթներ բաժինն է, 2րդը՝ կը ներկայացնէ հայրենադարձութեան ոլորտին մէջ պետական քաղաքականութեան ձեւաւորումն ու իրականացումը, 3րդ գլուխին մէջ կը նշուին հայրենադարձութեան հարցերը կարգաւորող մարմինները, իսկ վերջին գլուխը կը սահմանէ եզրափակիչ դրոյթները:
Երկրորդ նախագիծը, Հայրենադարձութեան վարչութեան պետին վկայութեամբ, բաղկացած է ներածութենէ եւ 4 գլուխներէ, որոնց մէջ կը ներկայացուին «հայրենադարձ» եւ «հայրենադարձութիւն» հասկացութիւններու բացատրութիւնները, գործընթացի փուլերը, հայրենադարձներու ներառման ուղղութիւնները եւ հայրենադարձներու մասին օրէնքի հիմնական դրոյթները:
Ա. Եղիազարեանի խօսքով, նախագիծերէն իւրաքանչիւրը միւսին համար հիմք կը հանդիսանայ։ Անոնք, ընթացիկ տարուան աւարտին պիտի ներկայացուին կառավարութեան:
Նշենք, որ 2006ին հայրենադարձներու օրէնքի մասին նմանատիպ այլ նախագիծ մը կառավարութեան կողմէ մերժուած էր: 2006-2009ի տուեալներով, մշտական բնակութիւն հաստատելու համար ՀՀ վերադարձած է շուրջ 500 սփիւռքահայ, կացութեան կամ մշտական յատուկ կարգավիճակ ստացած է շուրջ 3000 սփիւռքահայ, իսկ 2005-2009ի տուեալներով, հողակտոր կամ բնակարան ձեռք բերած է շուրջ 15 հազար սփիւռքահայ:
Ըստ Եղիազարեանի, նոր մշակուած նախագիծերը կը նպաստեն 2 կարեւոր հանգամանքներու: «Նախեւառաջ, դրանց շնորհիւ սահմանափակ հնարաւորութիւնների տէր անձինք կ՛օժանդակուեն տեղափոխուելու ՀՀ տարածք, եւ երկրորդ՝ պետութեանը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի համագործակցել մասնագիտացման, աշխատանքային բնոյթի տեսանկիւնից՝ որոշակի թիրախային խմբերի հետ», նշած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.