
Երեքշաբթի, Յուլիս 6ի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Միացեալ Նահանգներու 2010ի մարդահամարի սպասարկութեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ պատասխանատու մասնագէտներէն Անահիտ Թովմասեան եւ ընդունուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ա. Թովմասեան Ազգ. առաջնորդարան եկած էր առաջնորդին յանձնելու գնահատանքի յուշատախտակ մը եւ մարդահամարի սպասարկութեան վարիչներէն՝ Ճէյմս Քրիսթիի շնորհակալական նամակը։
Ճէյմս Քրիսթի շնորհակալութիւն կը յայնտէր այն գործակցութեան ու աջակցութեան համար, զորս առաջնորդարանն ու թեմի եկեղեցիները ցուցաբերեցին մարդահամարի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին։
Ա. Թովմասեան մօտաւորապէս տարի մը առաջ այցելած էր առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցած՝ առաջնորդ սրբազանին հետ։ Այդ հանգրուանին, ան եկած էր լուսաբանութիւններ տալու մարդահամարի աշխատանքներուն մասին եւ խնդրելու, որ առաջնորդարանն ու եկեղեցիները գործակցին այս կարեւոր աշխատանքին, նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքները կրնան դրական անդրադարձ ունենալ ամերիկահայերու քաղաքացիական պարտաւորութեանց ու իրաւունքներու կիրարկման ծիրին մէջ։ Առաջնորդարանը ընդառաջեց դիմումին ու ատենին շրջաբերական յղելով մեր եկեղեցիներուն, յանձնարարեց, որ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը կատարուի մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ի հարկին տեղ տրամադրուի մարդահամարի նախապատրաստական ու յարակից աշխատանքներուն համար։ Ազգ. առաջնորդարանի սրահն ու կարգ մը եկեղեցիներու գրասենեակները որոշ հանգրուաններու տրամադրուեցան մարդահամարի սպասարկութեան, որպէսզի պաշտօնեաներ վարժութեան դասընթացքներու հետեւին, իսկ Ա. Թովմասեան այցելութիւններ տուաւ եկեղեցիները՝ լուսաբանութիւն տալու համար մարդահամարի աշխատանքներուն ու անոր մեր ժողովուրդին մասնակցութեան կարեւորութեան մասին։ Այս գործակցութիւնը իւրաքանչիւր հանգրուանի դրական տրամադրութիւններով ողջունուած էր սպասարկութեան կողմէ։
Ա. Թովմասեան, Երեքշաբթիի իր այցելութեան առիթով, անգամ մը եւս ու անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին ու առաջնորդարանին, տրամադրուած աջակցութեան ու դիւրութիւններուն համար։ Ան առաջնորդին յանձնեց սպասարկութեան շնորհակալութիւնը արտայայտող վկայագիրը։ Առաջնորդը բարձր գնահատեց Թովմասեանի ծառայութիւնները՝ վեր առնելով այն իրողութիւնը, որ ան Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ այս աշխատանքներուն մասնակից ամէնէն բարձրաստիճան հայն է։ Ան յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն։