ՊԱՔՈՒ.- Իր տեղեկութիւնները ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութենէն քաղելով՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Երեքշաբթի, Յուլիս 13ին կայացած կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է. «Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղին երբեք պիտի չտրամադրէ այնպիսի կարգավիճակ, որ կրնայ անջատել այս տարածքը մեր հանրապետութենէն»։
Անդրադառնալով բանակցային գործընթացին՝ Ատրպէյճանի ղեկավարը հերթական անգամ նշած է այն պահանջները, զորս, հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար, կ՛առաջադրէ Պաքուն. «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնուի, Հայաստանի զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուին գրաւեալ բոլոր տարածքներէն, բռնի տեղահանուած բոլոր ատրպէյճանցիները պէտք է վերադառնան հայրենի բնակավայրեր՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղ»։
«Առանց Ատրպէյճանի հանրապետութեան համաձայնութեան, անհնար է Ղարաբաղին որեւէ կարգավիճակ տրամադրել, եւ այս հարցը բանակցութիւններու անբաժանելի մասը կը կազմէ», ընդգծած է ան եւ նշած, որ բանակցութիւններու սեղանին դրուած փաստաթուղթը կ՛անդրադառնայ Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի որոշման վերաբերող բոլոր հարցերուն։
Դիւանագիտական գործընթացի մանրամասնութիւնները ներկայացնելուն զուգահեռ, Ալիեւ անգամ մը եւս խօսած է խնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու հնարաւորութեան մասին։ «Մենք միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք ազատագրելու մեր տարածքները բռնագրաւողներէն, եւ ես լիովին վստահ եմ, որ Ատրպէյճան այսօր ունի նման հնարաւորութիւններ», ըսած է ան։
«Ատրպէյճան մեծապէս աւելցուցած է իր ռազմական հզօրութիւնը եւ պիտի շարունակէ զարգացնել այս ոլորտը, որովհետեւ մեր ելեւմտական միջոցները մեզի նման հնարաւորութիւններ կու տան», ըսած է Ալիեւ ու աւելցուցած. «Ներկայիս Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը կը կազմեն երկու միլիառ 150 միլիոն տոլար, ինչ որ մեզի թոյլ կու տայ տուեալ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ առաւել եւս արդիականացնելու բանակը, Ատրպէյճան բերել ժամանակակից զինուորական ճարտարարուեստ եւ ռազմամթերք, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ ստեղծել ուժեղ ռազմական արդիւնաբերութիւն»։
Հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու Ալիեւի յայտարարութիւնները կը հնչեն խնդիրի խաղաղ կարգաւորման մասին Ալմաթիի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններէն քանի մը օր առաջ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը նախատեսուած է Յուլիս 17ին, ԵԱՀԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական նիստի ծիրին մէջ։
Հանդիպման, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներէն բացի, կ՛ակնկալուի նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակներուն մասնակցութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.