ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Մետիա7»ի հաղորդումով, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական ժողովին արտասանած է խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին,

ինչպէս նաեւ այդ գործընթացի շահագործման՝ ատրպէյճանցիներու կողմէ։
Էրտողան խիստ քննադատութեան ենթարկած է ատրպէյճանցի երեսփոխանները, որոնք անհանգստացած Հայաստան-Թուրքիա մերձեցումէն՝ վերջերս այցելած են Թուրքիա։
Ան ափսոսանք յայտնած է, որ նման կարեւոր եւ զգայուն խնդիրը դարձած է շահարկման առարկայ, եւ զգուշացուցած է ատրպէյճանցի երեսփոխանները՝ ըսելով. «Ատրպէյճանէն Թուրքիա կու գան եւ սխալ քաղաքականութիւն կ՛իրականացնեն։ Անոնք սխալ կ՛ընեն։ Մեր կուսակցութիւնը, իշխանութեան գալէն ի վեր, ատրպէյճանցի եղբայրներուն երբեք մինակ չէ ձգած։ Շատ բացայայտ կը խօսիմ։ Այս պահուս թէ՛ հայ-թրքական, թէ՛ հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները կապուած են իրարու եւ զուգահեռ կ՛ընթանան։ Ասկէ դուրս այլ բան մտածել կը նշանակէ Թուրքիոյ եւ մեր կուսակցութեան հանդէպ ոչ յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերել»։
Անդրադառնալով Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման աշխատանքներուն՝ Թուրքիոյ վարչապետը նշած է, որ իրենք Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային եւ Ռուսիոյ, միշտ յիշեցուցած են խնդիրի արագ կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին, եւ հիմա ալ կը հետեւին խնդիրին հետ կապուած զարգացումներուն։
«Անշուշտ, տարածաշրջանին մէջ վստահութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար, մեր ձեռքէն եկածը պիտի ընենք», ըսած է Էրտողան։