ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յուլիս 12ին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, թէ «Յուլիսի 16-17, Ալմաթիում կայանալիք ԵԱՀԿի անդամ երկրների արտգործնախարարների ոչ պաշտօնական հանդիպման շրջանակներում, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտգործնախարարների բանակցութիւններից Լեռնային Ղարաբաղը ոչ մի էական տեղաշարժի ակնկալիք չունի»։ Ըստ իրեն, «ծայրայեղ ոչ-կառուցողական է Ատրպէյճանի դիրքորոշումը»:
Բաբայեանի խօսքով, Հելսինկեան սկզբունքները, որոնց մասին իրենց համատեղ յայտարարութեան մէջ նշած էին Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբին մէջ համանախագահող պետութիւններու ղեկավարները, կ՛ընդգրկեն բազմաթիւ իրաւական չափանիշներ, որոնց մեծ մասին շուրջ կարելի է համաձայնութեան գալ, թէկուզ՝ ձեւական: Սակայն, անոր համոզումով, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկսբունքներուն միջեւ կողմերուն մօտ առկայ հակասութիւններուն եւ անոնց կապուած խնդիրներուն մէջ՝ 1988էն ի վեր որեւէ փոփոխութիւն չկայ:
«Եթէ խօսում ենք Հելսինկեան սկզբունքների մասին, եւ Ատրպէյճանը փորձում է ներկայացնել այդ սկզբունքները որպէս տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւոր գործօն, դա այդպէս չէ, ի հարկէ: Բայց նման մօտեցում, արդէն իսկ հնարաւորութիւն չի թողնում գալ ընդհանուր յայտարարի: Պէտք է մի բան ըմբռնել, որ վերադարձ 88 թուականին Ղարաբաղի համար՝ ո՛չ տարածքների, ո՛չ էլ կարգավիճակի առումով՝ անհնար է: Դա անընդունելի է, որեւէ մէկը չի կարող դա կատարել», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի խօսնակը:
Ան համոզուած է, որ միջնորդ երկիրները կը ցուցաբերեն «հաւասարակշռուած մօտեցում՝ ուղղուած «սթաթուս-քուօ»ի պահպանման»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.