
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի 11 Յուլիս 2010ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյմանին: Հանրապետութեան նախագահը եկած էր անձամբ ցաւակցութիւն յայտնլու վեհափառ հայրապետին՝ իր հօրը մահուան առիթով:
Յիշեալ հանդիպման ներկայ էին կաթողիկոսութեան կեդրոնական վարչութիւնը, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Լիբանանի հայ պետական նախարարները ու երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար կուսակցութեանց ատենապետները:
Այս առիթով Արամ Ա. վերահաստատեց Լիբանանի հայութեան կեցուածքը՝ միշտ զօրավիգ կանգնելու լիբանանեան պետականութեան, անոր հաստատութիւններուն, գերագոյն սկզբունքներուն ու արժէքներուն, որոնք կը մարմնաւորուին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ճամբով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ կարծիքներ փոխանակելու Լիբանանը եւ ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերուն շուրջ: