ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) խումբ մը աշխատակիցներ, Յուլիս 3-5ի միջեւ գտնուած են Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն՝ այցելելով Ստեփանակերտ, Գանձասար, Տիգրանակերտ եւ Շուշի:
Յուլիս 5ին, Սահմանադրութեան օրուան առիթով, ՀՀ ԱԳՆ հիւրերու պատւոյն, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կազմակերպած է ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին կայացած են հանդիպումներ ԼՂՀ դիւանագիտական անձնակազմին եւ ծառայողներուն հետ, ու ձեռք բերուած է երկկողմանի պայմանաւորուածութիւն՝ երկու կողմերու ԱԳ նախարարութիւններուն միջեւ կանոնաւոր շփումները աւելի յաճախակի դարձնելու վերաբերեալ: Այնուհետեւ հիւրերը հիւրընկալուած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կողմէ։
Նոյն օրը, Հայաստանի ԱԳՆ աշխատակիցները ծաղկեպսակի տեղադրում կատարած են Ստեփանակերտի «Եղբայրական շիրիմ»ին առջեւ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով ԼՂՀ ազատագրման համար զոհուածներու յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.