Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Կապի Աշքենազի Երեքշաբթի օր Քնեսեթի արտաքին յարաբերութեան եւ ապահովութեան յանձնախումբին յայտնեց, թէ հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած դիւանագիտական լարուածութեան, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական յարաբերութիւնները կը մնան հզօր։ Ան ըսաւ, որ 31 Մայիսին «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ իսրայէլեան յարձակումէն ետք, ինք միջադէպը քննարկած է Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղի հետ։
Զօր. Աշքենազի յայտնած է, որ զօր. Սամի Թուրկըման քանի մը օր առաջ Եւրոպայի մէջ հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակիցին հետ, որ, հաւանաբար, մօտ օրէն պիտի փոխարինէ զօր. Պաշպուղը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.