«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պինկէօլի նահանգային գրասենեակը անծանօթներու կողմէ հրթիռային յարձակումի ենթարկուած է։
Թրքական ոստիկանութիւնը սկսած է լայնածաւալ հետաքննութեան։ Կը հաղորդուի, որ պայթումներ տեղի ունեցած են նաեւ Էրտողանի գլխաւորած յիշեալ կուսակցութեան մէկ այլ շրջանի մէջ գտնուող գրասենեակին առջեւ։
Կասկածներ կան, թէ յարձակումներուն հեղինակը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնն (ՔԱԿ) է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.