ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 6ին կայացած կլոր սեղանի մը ընթացքին՝ Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեան յայտնած է, թէ հակառակ պաշտպանական ոլորտին մէջ կատարած մեծ ծախսերուն՝ ատրպէյճանական բանակը կը գտնուի բարձիթողի վիճակի մէջ եւ թաղուած է կաշառակերութեան մէջ:
Անոր կարծիքով, ներկայիս Ատրպէյճանն ու իր բանակը միակ ապակայունացնող գործօնն են տարածաշրջանին մէջ: Փորձագէտին կարծիքով, ներդրուած մեծ միջոցները չեն բարձրացուցած բանակին մարտունակութիւնը, մանաւանդ, որ այդ գումարները նպատակասլաց կերպով չեն օգտագործուիր:
«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ռազմատենչ խաղերը վտանգաւոր են ատրպէյճանական իշխանութիւնների համար: Օրինակ, նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւը չէր բարձրացնում պաշտպանական ոլորտի ծախսերը, քանի որ հասկանում էր բանակի վտանգաւորութիւնը», նկատած է Կիրակոսեան եւ աւելցուցած, որ թոյլ ու բարոյալքուած ատրպէյճանական բանակը՝ նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման պարագային՝ պարտութիւն կը կրէ։
Զուգահեռներ անցընելով ատրպէյճանական եւ հայկական բանակներուն միջեւ՝ փորձագէտը նկատած է, որ թէեւ ատրպէյճանցիները թուային առումով կը գերազանցեն մեզ, սակայն կը զիջին՝ որակական յատկանիշներով:
«Անգամ խորհրդային ժամանակներում հայերը մի քանի մարշալ հարիւրաւոր գեներալներ ու սպաներ են տուել, միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանցիներն աշխատում էին աշխատանքային գումարտակներում եւ բանակային խոհանոցներում», ըսած է ան ու աւելցուցած, որ հայկական բանակը այսօր ամենամարտունակն է տարածաշրջանին մէջ։ Ըստ Կիրակոսեանի հայկական բանակի աքիլեսեան գարշապարը ռազմաօդային ուժերն են, աւելի ճիշդ՝ անոնց թուաքանակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.