ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գրաքննադատ, արձակագիր, թարգմանիչ եւ հրապարակախօս Ալեքսանդր Թօփչեան վերջերս արժանացած է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան բարձր պարգեւին՝ «Արուեստներու եւ գրականութեան սպայի» շքանշանին:
Նշենք, որ 1957ին հիմնուած շքանշանը կը շնորհուի նշանակալի վաստակ ունեցող գրողներուն եւ արուեստի գործիչներուն: Արտասահմանեան գործիչներուն շնորհելու պարագային հաշուի կ՛առնուի նաեւ անոնց մատուցած ծառայութիւնները ֆրանսական մշակոյթին:
Շքանշանը ունի երեք աստիճան՝ ասպետ, սպայ եւ հրամանատար, եւ կը շնորհուի ըստ հերթականութեան փոքրէն մեծ: Ա. Թօփչեանի պարագային՝ բացառութեան կարգով՝ անոր ուղղակի շնորհուած է Սպայի աստիճանը: Որոշումը ընդունուած է հաշուի առնելով գրողին առաւել քան ծանրակշիռ վաստակը՝ ֆրանսական մշակոյթի տարածման գործին մէջ: Բաւական է յիշել միայն անոր թարգմանութեամբ հայերէնով լոյս տեսած ֆրանսացի հեղինակներու վաթսունհինգ գիրքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.