ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժնի պետ Ալի Հասանով, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Ատրպէյճան կ՛ողջունէ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կատարած յայտարարութիւնը՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման առնչութեամբ։
Ընդգծելով, որ հակառակ տարբեր լեզուներով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ տարբերութիւններուն, Հասանով ըսած է, թէ ատիկա չի բխիր յայտարարութեան բուն էութենէն, ըստ որուն, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարները Հայաստանին կոչ կ՛ընեն դուրս գալու զբաղեցուած տարածքներէն։
«Մենք յոյսով ենք, որ Հայաստանը պիտի լսէ այդ կոչը եւ պիտի բռնէ կառուցողական ուղի», ըսած է Հասանով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.