ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ղարաբաղեան կարգաւորման խնդիրին հետ կապուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն վերջին յայտարարութիւնը բողոքի ալիք բարձրացուցած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներուն մէջ, որոնք Յունիս 30ին, ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ներկայացուցիչներուն յանձնեցին իրենց բողոքի յայտարարութիւնը:
«Մենք, միանշանակ, հետեւողական ենք լինելու մեր պահանջքին, կազմակերպելու ենք բողոքի ակցիաներ, բաց նամակներ ու յայտարարութիւններ ենք հրապարակելու, իսկ յաջորդ անգամ արդէն կը փորձենք քաղաքականացուած հայ երիտասարդական ամբողջ դաշտն ընդգրկել բողոքի ակցիաներում եւ ցոյցերում: Նման տիպի թիւրիմացութիւնները պէտք է առհասարակ բացառուեն յայտարարութիւններում: Յոյս ունենք, որ մեր բողոքի ակցիաներն էլ կ՛օժանդակեն, որ Ղարաբաղի խնդրով զբաղուող ցանկացած կառոյց կամ գործիչ զգոյշ եւ զուսպ լինի իր արտայայտութիւններում ու գնահատականներում», իր խօսքին մէջ նշած է ՀՅԴ ՀԵՄի վարչութեան ներկայացուցիչ Արթուր Ղազարեան:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները համոզուած են, որ անտարբեր մնալ կը նշանակէ՝ համաձայնիլ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու նախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ տեղ գտած անընդունելի դրոյթներուն, օրինակ՝ «ԼՂ շրջակայ տարածքների վերադարձ»:
ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի կազմը ներս հրաւիրած է ցոյցի ներկայացուցիչներէն Արթուր Ղազարեանը եւ ընդունած է յայտարարութիւնը՝ միաժամանակ յայտնելով, որ իրենք լիազօրուրութիւն չունին նման հարցերու պատասխան տալու:
«Այստեղ մեր դերն է աջակցիլ ու փոխանցել այս նամակը, որպէսզի անիկա հասնի Վիեննայի մեր կեդրոնական գրասենեակ, քանի որ երեւանեան գրասենեակը ոչ մէկ դեր եւ մանդատ ունի՝ ղարաբաղեան հարցով զբաղելու: Այդ հարցերով զբաղելու մանդատը կը պատկանի Մինսկի խումբին, որուն կ՛աջակցի Անճէյ Քասփրչիքի գլխաւորած յանձնաժողովը. անոնք կրնան պատասխանել բոլոր հարցերուն», յայտնած է ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակէն Կրեկորի Միխալսքի:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները յոյս յայտնած են, որ իրենց բողոքը տեղ կը հասնի եւ կու տայ ցանկալի արդիւնք, իսկ նմանատիպ յայտարարութիւններու մէջ կը դադրին տեղ գտնել նմանատիպ «վրիպակներ»:
Երիտասարդներու յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«1994 թուականից մինչ օրս Ատրպէյճանը բազմիցս խախտել է հրադադարի ռեժիմը, ինչի համար ոչ մի անգամ պատասխանատուութեան չի ենթարկուել: Մեծ յարգանք տածելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրների նկատմամբ՝ ցանկանում ենք փաստել, որ Ատրպէյճանի հակահայ, ակրեսիւ գործելաոճի մէջ մեղաւոր են նաեւ այն երկրները, որոնք համապատասխան քայլեր չեն իրականացնում՝ սանձելու խաղաղ բանակցութիւններին հակասող ատրպեճանական քայլերը: Ուստի խաղաղութեան ջատագով ԱՄՆը, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ Ֆրանսիան պէտք է վերանայեն իրենց առաքելութիւնը եւ անպատասխան չթողնեն Ատրպէյճանի որեւէ ստոր կամ սադրիչ դրսեւորում»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.