Ռուսիա երէկ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք մը ներկայացուց։ Ըստ դիւանագէտներու, բողոքը կը վերաբերի Իրանի մէջ հիւլէական կայանի մը ուղարկուած նիւթի մը Գերմանիոյ կողմէ գրաւման։
Ռուսիա իր բողոքին մէջ կը յայտնէ, որ այդպիսի քայլեր չեն համապատասխաներ ՄԱԿի կանոններուն։
ՄԱԿի մէջ դիւանագէտներ կ՛ըսեն, թէ Ռուսիա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի Իրանի դէմ պատժամիջոցներու յանձնախումբի անդամներուն յայտնած է, թէ Ռուսիոյ կառուցած «Պուշահր» հիւլէական կայանին ուղարկուած նիւթի գրաւումէն եւ այդ հարցով անհատներու հարցաքննութենէն զայրացած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.