ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի մէջ Յունիս 29ին նշուած է հայրենիքի համար նահատակուածներու եւ անհետք կորսուածներու յիշատակին օրը, որուն առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զերեղած անհետք կորսուած ազատամարտիկներու յուշարձանին առջեւ:
Ղարաբաղի հանրապետութեան ղեկավարին ուղեկցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.