Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ խաղաղութեան բանակցութեանց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ միջպաղեստինեան պարակտումը մատնանշելէ ետք յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի չգոյանայ։
«Ես լաւատես անձ մըն եմ եւ 2012էն առաջ պաղեստինեան պետութեան մը գոյացման որեւէ առիթ չեմ տեսներ», ըսաւ ան։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ «Համաս» շարժումին հետ իր հանդիպումները։ «Հանդիպումներուն ընթացքին Համասի կոչ կ՛ուղղենք Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ծրագիրն ու խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը որդեգրելու»։
Ան նաեւ յայտնեց, որ այս առումով, «Համաս»ի դիրքորոշման մէջ զարգացում կայ, եւ «պիտի շարունակենք այս աշխատանքը», նշելով, որ Կազայի մէջ տնտեսական բարգաւաճում իրականացնելու ջանքին մէջ կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ՝ առանց «Համաս»ի հետ առօրեայ ուղղակի հանդիպումներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.