ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Յունիս 28ի գիշերը եւ 29ի ամբողջ օրուան ընթացքին, ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի շարք մը հատուածներուն մէջ արձանագրուած են հրադադարի խախտումներ:
Հակառակորդը տարբեր հրաձգային զէնքերով գնդակոծած է Հորադիզի, Լեալա-Իլագլիի, Քարուենդի, Կորգանի, Աշաղը Վէյսալիի, Չէյիլ լեռի, Եուսուֆճանլուի, Մարզիլիի, Քենգերլիի, Սարըճանլուի, Բաշ Քարուենդի, Շխլարի, Լեւոնարխի, æրաբերդի, Նամիրլիի, Եարմջայի եւ Թալիշի ուղղութեամբ տեղակայուած ղարաբաղեան դիրքապահներուն յենակէտները:
Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը դադրած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.