ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Երկու ամիսներու մարզական մաքրամաքուր մրցապայքարէ ետք, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերը պիտի եզրափակուին 1-4 Յուլիսին, Ամերիկայի անկախութեան տօնին զուգադիպող շաբաթավերջին, որ գեղեցիկ առիթ մը պիտի հանդիսանան նաեւ տօնախմբելու հայութիւնը հիւրընկալող երկրի անկախութեան տօնը:
Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերը կը վայելեն պատուոյ նախագահութիւնը նուիրեալ հայորդիի մը՝ տիար Ճորճ Ա. Ժամկոչեանին: Այս առիթով կազմակերպուած Յաղթանակի պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 26 Յունիս 2010ի երեկոյեան, Կլենտէյլ «Հիլթըն» պանդոկին սրահը, 100 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA, ժամը 7էն սկսեալ: Ուրախալի է իմանալ, թէ ՀՄԸՄական երիտասարդութեան յաղթանակները տօնախմբող գեղեցիկ այս ձեռնարկին տոմսերը արդէն իսկ սպառած են, սակայն երիտասարդութիւնը կարելիութիւնը ունի ժամը 11էն ետք այցելելու սրահ: ՀՄԸՄը միշտ վստահած է զինք յարատեւ քաջալերող շրջանի հայութեան, որուն ներկայութիւնը անկասկած ակնյայտ պիտի ըլլայ այս ձեռնարկին:
ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԵՒ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ
ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պասքեթպոլի մարզաճիւղի զտումի մրցումները կ՛աւարտին այս շաբաթավերջին 26 եւ 27 Յուլիսին: Երկու օրերն ալ մրցումները տեղի պիտի ունենան Վան Նայսի Պըրմինկհամ հայ սքուլի մարզադաշտերուն վրայ (17000 Haynes St. Van Nuys CA), ուր նաեւ պիտի իրագործուին պասքեթպոլի կիսաւարտականի եւ ախոյեանութեան մրցումները՝ 1-4 Յուլիսի շաբաթավերջին:
Անցնող շաբաթավերջին սկիզբ առին նաեւ Նաւասարդեանի ֆութպոլի բոլոր դասակարգերու զտումի մրցումները: Շաբաթ, 26 Յունիսի կէսօրէ ետք ժամը 2-6, անոնք տեղի պիտի ունենան Պըրմինկհամ հայ սքուլի, իսկ Կիրակի, 27 Յունիսի առաւօտեան ժամը 9-11, Glendale Sports Complex կեդրոնի մարզադաշտերուն վրայ: Ֆութպոլի զտումի մրցումները պիտի շարունակուին նաեւ Չորեքշաբթի, 30 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6-8, նոյն մարզադաշտերուն վրայ:
Յայտնենք, թէ Նաւասարդեանի Ֆութպոլի մարզաճիւղի մրցումներուն շրջանի մասնաճիւղերէն կը մասնակցին 34 խումբեր՝ Ա., Գ., Դ., Ե., Զ. եւ Է. դասակարգերէն:
Քանի մը տարիներէ ի վեր Նաւասարդեան մարզախաղերու մէջ ընդգրկուած ճատրակի մրցումները այս տարի տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 3 Յուլիս 2010ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն սկսեալ, «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի Teachers Cafeteria-ի մէջ, երեք տարիքային բաժանումներով՝ 12 տարեկանէն վար, 13-17 տարեկան եւ 18 տարեկան ու վեր: Մասնակցութեան սակ՝ տասը տոլար:
Նաւասարդեանի փինկ-փոնկի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-4 Յուլիս 2010ին, «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի բազմանպատակ օգտագործուող սենեակին (Multi-Purpose Room) մէջ: Դասակարգային բաժանումներու եւ ժամերու ցուցակը շուտով պիտի տրամադրուին մասնաճիւղերու վարչութեանց:
19-20 Յունիսի շաբաթավերջին, մեծ ոգեւորութեամբ տեղի ունեցան Նաւասարդեանի լողի եւ թեթեւ աթլեթի մրցումները, California State University, Northridge-ի լողաւազաններուն մէջ եւ մարզադաշտերուն վրայ: Ակնյայտ էր յատկապէս ՀՄԸՄի Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերու մասնակցութիւնը վազքի բոլոր դասակարգերու մրցումներուն:
Նաւասարդեանի չորսօրեայ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 1 Յուլիս, կէսօրէ ետք ժամը 4էն սկսեալ եւ իր աւարտին պիտի հասնի Կիրակի, 4 Յուլիսի կէս գիշերին, «Պըրմինկհամ Հ. Սքուլ»ի շրջափակէն ներս: Փառատօնի ամէնօրեայ յայտագիրներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շրջանի ծանօթ արուեստագէտները: Հինգշաբթի եւ Շաբաթ, 1 եւ 3 Յուլիսին երեկոն պիտի խանդավառէ Գառնիկ Սարգիսեանը: Զոյգ երեկոներուն ալ տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն: Փառատօնի եզրափակումը պիտի կատարէ Յարութ Փամպուքճեան:
Փառատօնին զուգահեռ, նոյն վարժարանի մարզադաշտերուն վրայ տեղի պիտի ունենան բոլոր մարզաճիւղերու ախոյեանութեան մրցումները եւ Նաւասարդեանի փակման հանդիսութիւնը:
ՀՄԸՄը միշտ վայելած է հայ ժողովուրդի անսակարկ քաջալերանքը:
Նաւասարդեան մարզախաղերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, կարելի է դիմել info@navasartiangames.com համացանցի հասցէին, կամ հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344- 4300 թիւին:
—————————————————————————————————————————————————-
ՀՄԸՄ-Ի ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 35ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Նաւասարդեան
Յաղթանակի
Պարահանդէս
Շաբաթ, 26 Յունիս 2010
Hilton Glendale
100 W. Glenoaks Blvd.
Glendale, CA 91202
Ընդունելութիւն՝ ժամը 7:00ին
Ընթրիք՝ ժամը 8:00ին
Մուտքի Սակ՝ $150
***
Նաւասարդեան
Չորսօրեայ Փառատօն
1-4 Յուլիս, 2010
Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ
17000 Haynes
Van Nuys, CA 91406
Մուտքի սակ՝
1-3 Յուլիս, 2010
Մեծերու՝ $6
Փոքրերու՝ $4
4 Յուլիս, 2010
Մեծերու՝ $7
Փոքրերու՝ $5
***
Նաւասարդեան
Փակման Հանդիսութիւն
Կիրակի, 4 Յուլիս 2010
Երեկոյեան ժամը 4
Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ
17000 Haynes
Van Nuys, CA 91406
***
Տեղեկութիւններու
Համար Հեռաձայնել՝
(323) 344-4300 թիւին,
կամ այցելել՝
www.NavasartianGames.com