Շաբաթ, Յունիս 19ին, կէսօրէ ետք ժամը 3ին տեղի ունեցաւ Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի վկայականաբշխման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Սարգիս սրկ. Էյլէնճեանի:
Բարի գալստեան խօսքը կատարեց դոկտ. Թալին Քարկոտորեան՝ վարժարանի փոխտնօրէնուհին: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արթուն Համալեան՝ տնօրէն ՀԲԸՄ Կրթական բաժանմունքի: Օրուան պատգամը փոխանցեց Զաւէն Սինանեանը՝ Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանի դատախազը: Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում: Փակման խօսքը կատարեց Սինան Սինանեան՝ Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ:
Օրհնութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ առաջնորդ սրբազանը, ապա սրբազանին «Պահպանի»չով վերջ գտաւ յայտագիրը:
«Պոյաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ Ծնողաուսուցչական մարմինի կազմակերպութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.