«Արուեստը Կեանքի Շնչառութիւնն Ու Ժամանակի Բազկերակն Է»
Քաջազ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, Յունիս 11ին, Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ անուանի նկարիչ Քաջազի ծննդաեան 85ամեակին նուիրուած յոյշ-երեկոյ մը, որունը ընթացքին ցուցադրուեցաւ արուեստագիտութեան փրոֆ. Արարատ Աղասեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած «Քաջազի Մշտավառ Կանթեղը» գիրքին խտասալիկը:
Հանդիսութեան ներկայ էին տեղի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Լագիսեան, հանգուցեալի այրին՝ Սաթենիկ Քեչեճեան, եւ կրտսեր եղբայրը՝ Ժիրայր Քեչեճեան:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Համազգայինի փոխատենապետուհի Ա. Մինասեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Քաջազի արուեստն ու կենսագրականը:
Քաջազ, բուն անունով՝ Քաջազունի Քեչեճեան, ծնած է Լիբանան, 1924ին: 1947ին, ընտանեօք ներգաղթած են հայրենիք:
1973ին, Քաջազ լքած է սովետական կարգերը եւ վերադարձած իր ծննդավայրը՝ Պէյրութ: 1974ին, իր ընտանիքին հետ վերջնականապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, Նիւ Եորք:
Քաջազի կտաւները ցուցադրուած են Հայաստանի, Սովետական Միութեան, Լիբանանի, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Մոնաքոյի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ: Անոր գործերը սեփականութիւնն են Հայաստանի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի թանգարաններու, հաստատութիւններու եւ անհատներու:
Ձեռնարկի աւարտին փակման խօսքով ներկայացաւ «Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի ատենապետ Հրանդ Մարգարեանը, որ արժեւորեց հայ ստեղծագործին ժառանգութեան սերտ կապը իր անցեալի պատմութեան հետ:
Թղթակցութիւն՝ Արմինէ Մինասեան