ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յունիս 23ին մասնակցեցաւ ամերիկահայ գրող Սոնա Վանի «Զուգահեռ անքնութիւններ» գիրքի շնորհահանդէսին: Իր ելոյթին ընթացքին նախարարը շնորհաւորելով բանաստեղծը՝ նշեց. «Ապրելով ԱՄՆում, Սոնա Վանը պարբերաբար վերադառնում է Հայաստան, վերալիցքաւորւում հայրենիքի տուած ուժով եւ ստեղծում նորանոր եւ միայն «Սոնա Վան» անուանը բնորոշ ձեռագրով աշխատանքներ»:
Այնուհետեւ, նախարար Յակոբեան բանաստեղծուհին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով՝ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան գրական եւ մշակութային ծիրին մէջ անոր ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.