ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՆԱԹՕի աղէտներու համակարգման կեդրոնի ղեկավար Կունթեր Պրենտշնայտըր, Յունիս 23ին, Երեւանի մէջ յայտարարած է, թէ ՆԱԹՕ կ՛ափսոսայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերու շփման գօտիին վրայ տեղի ունեցած Յունիս 18ի միջադէպին համար։ Ան Երեւան կը գտնուի մասնակցելու համար «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Սեպտեմբեր 11-17ին, Կոտայքի մէջ տեղի ունենալիք «Արմէնիա 2010» վարժութիւններուն ծրագրաւորման խորհրդաժողովին։ Խորհրդաժողովին մասնակցելու համար հրաւէր ստացած էր նաեւ Ատպէյճանը, սակայն ցարդ չէ պատասխանած հրաւէրին: Պրենտշնատըր նշած է, որ Թուրքիոյ չորս ներկայացուցիչները ներկայ են Երեւանի խորհրդակցութեանց, ինչ որ կը վկայէ, թէ Թուրքիա պիտի մասնակցի Սեպտեմբերի հաւաքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Կարիգը չունի ցաւ յայտնելու,իբրեւ քաղաքակիրդ երկիրներ,
թող հետապնդեն արդարութիւնը հանդէպ Հայ Ժողորդին
ԹՈՒՐՔ ՑԵՂԱՍՊԱՆԻՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾԸ նախ ճանչնայ կատարած
ոճիրը ,նաեւ Հատուցումն եւ պատմական Հողերը վէրադարձնելու,
առաւել ոչ մէկ ՍԱՆԴԻՄ ազատգրուած ԱՐՑԱԽԻ պատմական մեր
հողերեն ,դադրեցուցեք Ազերու Վայրակ յարձակումները հանդէպ
ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ արդար ժողովուրդին իր հողային
տարածգին վրայ սեփականատէր։
ՆԱԹՕ ինչ է ձեր տառած աշխատանքը? ուր է Արդարութիւն
հանդէպ Փոքր Ժողովուրդներուն իրաւունքները անհետացած
արդարութեան միասին, ԽԵԼՔԻ ԵԿԵՔ ԻԲՐԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԻՐՏ
ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՆԵՐ!!!!!!!!