ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան, Յունիս 21ին նամակներ ուղարկած է Հայաստանի տարբեր մարզերու 15 դպրոցներու տնօրէններուն։ Նշենք, որ քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատուէրին համաձայն, Հայաստանի 2009ի պետական պիւտճէին միջոցներով այդ դպրոցներուն մէջ պէտք էր ընթանային շինարարական աշխատանքներ։
Նշեալ նամակով Անահիտ Բախշեան մարզերու 15 դպրոցներու տնօրէններէն խնդրած է տրամադրել դպրոցի վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին մասին տեղեկութիւն, որովհետեւ, համաձայն 2009ի պետական պիւտճէի կատարողականին, նոյն դպրոցներուն համար ծախսուած է 494 միլիոն 328 հազար դրամ, մինչ պատգամաւորին տրամադրուած տեղեկութեամբ, մինչեւ Հոկտեմբեր 2009 իրականացած շինարարական աշխատանքներուն համար որեւէ գումար չէ ծախսուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.