ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագրի գործադիր վարիչ դոկտ. Ստեփան Աստուրեան Հինգշաբթի, Յուլիս 1ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն հայութեան ժողովրդագրութեան յեղափոխութեան մասին: Ան պիտի խօսի հայկական Սփիւռքի կազմաւորման ու անոր ապրած կերպարանափոխութեան, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեանց զարգացման մասին:
«Արփա» հիմնարկին կազմակերպած սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Ֆրանսա ծնած Աստուրեան իր պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի վկայականները ստացած է Փարիզի «Սորպոն» համալսարանէն, իսկ Մագիստրոսի երկրորդ վկայականն ու դոկտորան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA), արդի հայոց եւ Կովկասի պատմութեան ճիւղին մէջ: Ան հեղինակն է աւելի քան քսան մասնագիտական յօդուածներու, եւ խմբագրած է պատմագիտական պարբերաթերթեր ու հատորներ: Ներկայիս ան կ՛աշխատի Հայկական Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն առնչուող հատորի մը գծով՝ հիմնուած ութ տարբեր լեզուներով արխիւներու վրայ:
Դասախօսական ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 453-0168 թիւին կամ contact info@arpainstitute.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.