ԱՆԳԱՐԱ.- «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ աւերակներուն պահպանման։
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի կողմէն 2000ին հիմնադրուած եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կից գործող Մշակութային արժէքներու պահպանութեան դեսպաններու հիմնադրամը հրապարակած է այն ծրագիրներուն ցանկը, որոնց պիտի ցուցաբերուի նիւթական օժանդակութիւն 2010ին։ Այդ ցանկին մէջ ներառնուած է նաեւ Անիի Ս. Փրկիչ եկեղեցին։ Հիմնադրամը որոշած է հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման համար տրամադրել 625 հազար ամերիկեան տոլար։
1036ին կառուցուած Անիի Ս. Փրկիչ եկեղեցին 1996էն ի վեր ընդգրկուած է «Եունեսքօ»ի ժառանգութեան ցուցակին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.