ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ տագնապի կամ վտանգի ուղտը կը չոքի մեր Ազգի եւ Հայրենիքի դրան առջեւ, հայ ամբոխային տրամաբանութիւնը ընդհանրապէս իրար կ՛անցնի եւ նոր կը սկսի քննելու, թէ մեր ո՞ր սխալին կամ անտեսումին հետեւանքով յայտնուած ենք նման ճգնաժամի մէջ։
Արտասովոր չէ, անշո՛ւշտ, եւ պետականօրէն ամէնէն աւելի կազմակերպուած ու զարգացած հասարակութիւններն անգամ կրնան յայտնուիլ տագնապի եւ վտանգի առջեւ։
Նոյնպէս բնական է, որ ճգնաժամային վիճակներ դիմագրաւելու ամէնէն կատարելագործուած միջոցներով եւ հնարաւորութիւններով օժտուած պետութիւններն անգամ հասարակական–քաղաքական ցնցումներու դէմ յանդիման, անակնկալի գան եւ մատնուին բաւարար չափով պատրաստուած չըլլալու ներքին անդոհանքին։
Բայց քաղաքացիական հասարակութեան եւ ժողովրդավարական պետութեան կառուցման հունով ճամբայ կտրած ժողովուրդները մնայուն տեղ կու տան, իրենց հիմնահարցերու եւ առաջնահերթութեանց օրակարգին վրայ, ճգնաժամային վիճակներու եւ ցնցումներու պատրաստ գտնուելու, այլեւ զանոնք կանխելու հրամայականին։ Հանրային կարծիքի քննարկման ու հակակշռին մնայուն նիւթ կը դարձնեն ինչպէս արտաքին վտանգի հաւանական խմորումները, նոյնպէս եւ ներքին տագնապի սաղմերը ջրդեղող սխալներն ու անտեսումները։
Մինչդեռ նոյն ուղղութեամբ նոր ճամբայ ելած երկիրներն ու հասարակութիւնները, մանաւանդ եթէ դեռ չեն կրցած ամբողջապէս ձերբազատուիլ այս կամ այն ձեւի բռնատիրական իրենց անցեալի «ժառանգութենէն», ընդհանրապէս կը դրսեւորեն տագնապալի պահերը շուտով մոռնալու եւ անոնց դաժան ու դառն դասերը անտեսելու հակումներ։ Եւ միայն վտանգի առջեւ կամ տագնապալի վիճակի մէջ վերստին յայտնուելու պարագային է, որ անոնք օրակարգի վրայ կը բերեն սեփական սխալներու կամ անտեսումներու քննարկումը, այդ ալ միայն քննադատելու եւ յաճախ յանցանքն ու մեղքը ուրիշներու վրայ բարդելու հոգեբանութեամբ։
Այդպէ՛ս է, որ կ՛արմատաւորուի ամբոխային տրամաբանութիւնը, կը յղփանայ ինքնագոհութեամբ եւ «ժողովուրդը չի՜սխալուիր» գովազդներով՝ ընդհանուր թմրութեան եւ թուլութեան կը դատապարտէ քաղաքացիական հասարակութիւնները։
Հայաստանն ու հայութիւնը բացառութիւն չեն կազմեր եւ պարբերաբար, երբ ճգնաժամը կը բախէ մեր դռները, յանկարծակի կ՛արթննանք ու նոր թափով կը լծուինք մեր սեփական սխալներու մերկացումին եւ դատապարտումին՝ մատնուելով յանցաւորներ փնտռելու… փորձութեան, որ իր կարգին եւ ինքնին տագնապի բոյն է։
Հազիւ սկսած էինք արթննալ հայեւթուրք յարաբերութիւնները իբր թէ կարգաւորելու «կոչուած» Արձանագրութիւններու որոգայթէն, երբ Եւրոպական Միութեան յատուկ զեկուցաբերին, այդ ալ պուլկարացի «ընկերվարականի» մը կողմէ դատապարտուեցանք իբրեւ Ատրպէյճանի վրայ նախայարձակ կողմ՝ դրուելով այսպէս կոչուած «գրաւեալ տարածքները» պարպելու միջազգային ճնշումին տակ։
Չէր բաւեր այդքանը եւ, ահա՛, հետեւեցաւ Ռուսաստան–Թուրքիա տնտեսական մերձեցման նոր մակընթացութիւնը, որ եկաւ յաւելեալ թափ տալու թուրքեւատրպեճանական ճակատի ծաւալած ապատեղեկատուութեան պատերազմին։ Միջազգային մամուլը լուսարձակները կեդրոնացուց հայեւթրքական մերձեցումն ու Արցախեան հարցի կարգաւորումը զուգահեռաբար եւ միաժամանակ յառաջ մղելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Այդ մթնոլորտին մէջ կայացաւ նախագահներ Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն աւարտէն անմիջապէս ետք ատրպեճանական զօրքը յարձակում գործեց Արցախի վրայ եւ թէեւ պարտուած ետ քաշուեցաւ, բայց չորս զոհ խլեց հայկական բանակէն։
Կը բաւէ աչքի առջեւ բերել հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներով ա՛յս օրերուն եւ հակահայ ապատեղեկատուութեան դէմ ահազանգի՛ առումով պարզուած ներքին քննադատութեան խուճապը, անգամ մը եւս անդրադառնալու եւ հաստատելու համար, որ դարձեալ յայտնուած ենք կրակը բռնկելէ ետք զայն մարելու մասին մտածողի աննախանձելի դրութեան մէջ։
Արդէն ախտանշական դարձած են յարդի պէս բոցավառող եւ արագօրէն մարող խուճապային այդ պահերը։ Դարձած են ախտանշանները ամբոխային այն տրամաբանութեան, որուն դէմ հեռաւոր անցեալին այնքան բուռն պայքար մղեցին Քրիստափորները, բայց եւ որուն ջլատիչ վարակէն փաստօրէն դեռ չենք յաջողած լիովին ձերբազատուիլ, ահա, աւելի քան դար մը ետք։
Աշխարհաքաղաքական ամբողջ դարաշրջան մը փոխուած է, այլեւս երկրորդ կարգի քաղաքացիները չենք Թուրքիոյ կամ Ռուսաստանի, ազատ ու անկախ Հայաստան ունինք եւ լիիրաւ անդամ ենք ազգերու եւ պետութիւններու միջազգային ընտանիքին։ Բայց ազգային մեր մտածողութեան մէջ կը շարունակէ ծուարած մնալ ամբոխավարութեան միեւնոյն վարակը, որ պարզապէս տարբեր դրսեւորումներով եւ հիւանդութիւններով կ՛արգելակէ մեր հաւաքական կամքին, ներուժին ու հնարաւորութիւններուն լիարժէք ծաղկումն ու արդիւնաւորումը։
Հայ կեանքի մօտաւոր անցեալի կամ մեր օրերու ո՛ր էջն ալ բանանք, մեր արձանագրած հպարտառիթ նուաճումներուն կողքին դարձեալ դէմ յանդիման կու գանք ամբոխային տրամաբանութեան եւ քաղաքական ամբոխավարութեան միեւնոյն վարակին՝ անկէ բխող ամէն կարգի կաշկանդումներուն եւ յուսահատութիւն պատճառող սխալներուն։
Բանանք Արցախեան շարժման համաժողովրդային պահանջատիրութեան փառահեղ էջը եւ անպայման պիտի անդրադառնանք, թէ միլիոնանոց հաւաքներով եւ զէն ի ձեռին պայքարի դաշտ նետուած ազատամարտիկներով հանդերձ, հաւաքաբար սխալեցանք եւ համազգային մեր պայքարին ղեկը վստահեցանք գործիչներու, որոնք վայրագ հասարակափոխութեան տիղմին մէջ աւազախրման մատնեցին մեր Նաւը, փոխանակ զայն առաջնորդելու դէպի կատարը Լերան։
Այսուհանդերձ ո՛չ օրին, ո՛չ 1998ի իշխանափոխութեան փուլին եւ ոչ ալ 2008ին, անցեալին վերադառնալու կամ անցեալը անձի փոփոխութեամբ վերընտրելու վտանգաւոր մոլորանքի պահուն, մեր ժողովուրդը իր մէջ չգտաւ բաւարար ուժը, որպէսզի ծախու չհանէ իր քուէն եւ քաղաքացիական արութեամբ տէր կանգնի Ապագա՛ն ընտրելու իր իրաւունքին։
Բանանք նաեւ Արցախի իրողական ազատագրումը իրաւականօրէն ամրագրելու պայքարին էջը եւ, դարձեալ, պարզ ու յստակ պիտի նկատենք, որ ազատագրուած հայրենի հողը հաստատակամօրէն պաշտպանող ազգային ուժերն ու գործիչները միշտ չէ, որ իրենց կողքին եւ թիկունքին ունեցան մեր ժողովուրդին պահանջատիրական հաստատակամութիւնը։ Հայաստանցիի եւ ղարաբաղցիի միջեւ խրամատ բացող ամբոխավարութիւնը իր արձագանգը գտաւ նաեւ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ. Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ոմանք հռչակեցին արտասահմանի մէջ հանգիստ ապրող եւ նարինջ ուտող սփիւռքցիի յարուցած խոչընդոտ՝ թուրքին հետ բարի–դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու հարկադրանքին տակ յայտնուած հայուն առջեւ… եւ մեր ժողովուրդը կուլ տուաւ շաքարապատուած այդ թոյնը եւս։
Վերջապէս բանանք 2008ի նախագահական ընտրութեան ամօթալի էջը եւ կրկին անգամ պիտի անդրադառնանք ու հաստատենք, որ քաղաքացիական հասարակութիւն եւ ժողովրդավարական իշխանութիւն ձեւաւորելու բախտորոշ հնարաւորութիւնը ոտքի կոխան գնաց ստուերային եւ օրինական ուժերու սերտաճումով յառաջացած վարչախումբերու բեւեռացումին։ Եւ մեր ժողովուրդը դարձեալ սխալեցաւ, երբ գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, մեղսունակութեամբ թէ անմեղութեամբ, ներքնապէս պառակտուեցաւ եւ հակադիր ճամբարներու կրակին մէջ յայտնուեցաւ։
Ամբոխային տրամաբանութեան այս դրսեւորումներուն դէմ էր պոռթկումը ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչին, վերջերս, երբ ՀՅԴ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը մեկնաբանելով՝ իշխանութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկելու պահանջը կը հիմնաւորէր։ Նախ ահազանգ կը հնչեցնէր քաղաքացիական լարուածութեան խորացումին դէմ՝ զգուշացնելով, որ պայթիւնավտանգ տարողութիւն ստացած է իշխանութիւն–ժողովուրդ խզումը եւ կրնայ պայթումի յանգիլ որեւէ պահու։ Ապա՝ սթափումի կոչ կ՛ուղղէր ընտրազանգուածին, որպէսզի իր կարգին յաղթահարէ քաղաքացիական խաթարուածութեան վարակը, ընտրակաշառքի եւ իշխանական ճնշումներու դէմ պայքարելու հրամայականը շեշտելով։
Տարբեր ելք չունին ժողովուրդները, եթէ արտաքին թէ ներքին վտանգները կանխելու վճռակամութեամբ կ՛առաջնորդուին։
Ինչպէս որ ծանօթ հոգեբան Կարինէ Նալչաջեան 2008ի Նոյեմբերին կ՛ընդգծէր, «Հայոց Աշխարհ»ին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, «Ժողովրդին առաջնորդ է պէտք, պէտք է ժողովրդի մէջ գաղափարներ ներարկել։ Այլապես կը գտնուեն ինչ-ինչ ուժեր, որոնք բոլորովին էլ ի նպաստ Հայաստանի չեն օգտագործի ժողովրդի ընդվզումը։ Կ՛օգտագործեն ի նպաստ իրենց նեղ խմբային շահերի։ Ես դէմ եմ այն տարածուած մտայնութեանը, թէ ժողովուրդը երբեք չի սխալւում։ Ժողովուրդը այնպէս կարող է սխալուել, որ յետոյ, երբ ուշքի գայ, ուշ կը լինի»։