ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Յունիս 22ին ընդունած է Իրանի Իսլամական հանրապետութեան (ԻԻՀ) գործարարներու պատուիրակութիւնը, որ մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ կայացած հայ-իրանական գործարար համաժողովին: Հանդիպման ներկայ եղած են Հայաստանի մօտ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյէտ Ալի Սաղայիան եւ Հայաստան-Իրան առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Լեւոն Ահարոնեան:
Իր ելոյթին մէջ վարչապետը կարեւոր համարած է տնտեսական համագործակցութեան խորացումը եւ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործումը: Զրուցակիցները անդրադարձած են Զարգացման հայկական գործակալութեան հետ միասնաբար՝ Յունիս 18ին կազմակերպուած գործարար համաժողովի արդիւնքներուն: Իրանցի գործարարները յայտնած են, թէ համաժողովի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներդրումային ու հայ-իրանական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնները եւ հեռանկարները: Կողմերը փոխադարձաբար կարեւոր համարած են գործարար համաժողովներու պարբերական կազմակերպումը, երկու երկիրներու տնտեսական կապերու աշխուժացման նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.