ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ իր հանդիպումէն ետք, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Երեքշաբթի, Յունիս 22ին յայտարարեց, թէ ՄԱԿը պէտք չէ անջատ հետաքննութիւն մը կատարէ «Ազատութիւն նաւատորմիղ»ին դէմ յարձակումին շուրջ, պնդելով, որ Իսրայէլի կազմած հնգանդամ յանձնախումբին հետաքննութիւնը «առայժմ բաւարար է»։
Միւս կողմէ, Պարաք յայտնեց, որ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի արեւելեան Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան 22 բնակարաններ հիմնայատակ քանդելու որոշումը «ողջամտութենէ զուրկ է»։
Ան քննադատեց Երուսաղէմի քաղաքապետարանը՝ «պատշաճ ժամանակ ընտրելու զգացում» չունենալուն համար։ Պաղեստինեան բնակարանները պիտի քանդուին՝ անոնց տեղ իսրայէլեան զբօսաշրջային կեդրոն մը կառուցելու համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.