ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունիս 18ի ատրպեճանական սադրանքին հետեւանքով վիրաւորուած հայ զինուորներէն մէկուն՝ 19ամեայ Անդրանիկ Արզումանեանի, առողջական վիճակը շատ ծանր է, իսկ միւսները՝ համեմատաբար աւելի լաւ:
Նշենք, որ Յունիս 19ի գիշերը ատրպեճանական Զինուած ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային դիրքերուն ուղղութեամբ կազմակերպած էին ռազմական գործողութիւն մը, որուն հետեւանքով զոհուած էր զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող չորս հայ եւ ուրիշ չորս մըն ալ՝ վիրաւորուած:
Յարձակողները մարտի դաշտը լքած էին՝ իրենց ետին ձգելով մէկ զոհ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.