ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) տան մէջ, Յունիս 21ին բացուեցաւ ամերիկաբնակ լուսանկարիչ Ռաֆայէլ Համբարձումեանի անհատական ցուցահանդէսը: 12 տարուան դադարէ մը ետք, լուսանկարիչը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կու գայ եւ կը ներկայացնէ իր աչքերով վերափոխուած Երեւանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր տեսարժան վայրերը:
Լուսանկարիչը իր ցուցահանդէսը վերնագրած է «Ռաֆայէլ Համբարձումեանի աչքերով նոր Երեւանը»:
Նոյն օրը, Ռ. Համբարձումեան ներկայացուց նաեւ իր 31րդ գիրքը, որ կը կրէ «Յաւերժի ճամբորդներ» խորագիրը: Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ Ռ. Համբարձումեան շուրջ 60 տարի, իր արուեստով մեր երկիրը ներկայացուցած է ամբողջ աշխարհին: Իսկ ՀԳՄի քարտուղար Յովհաննէս Գրիգորեան, իր հերթին նշեց. «Երբ լուսանկարիչն ունենում է արուեստագէտի աչք, ապա լուսանկարչական օպյեկտիւը վեր է ածւում վրձնի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.