ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Երկուշաբթի, Յունիս 21 թուակիր նամակով մը դատապարտած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու յարձակումը՝ սահմանը խախտելու այս փորձը «անընդունելի հրահրում» որակելով:

«Կ՛ուզեմ նաեւ խորին ցաւակցութիւններս յայտնել չորս զինուորներու ընտանիքներուն», կը գրէ ան՝ դրուատելով «երիտասարդ բայց ծաղկող» այս ժողովրդավար երկիրը ամէն գնով պաշտպանելու գաղափարին անոնց նուիրումը:
Ան նաեւ յոյժ մտահոգիչ կը համարէ այն իրողութիւնը, որ յարձակումը տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն միայն ժամեր ետք, եւ կ՛աւելցնէ, թէ յարձակումը կը փաստէ, թէ պէտք է վերահաստատել Ատրպէյճանի ռազմական օժանդակութիւնները արգիլող՝ «Ազատութեան նեցուկ կանգնելու» որոշումի թիւ 907 յօդուածը:
«Չենք կրնանք ձեռնածալ մնալ, երբ Ատրպէյճան վայրագ յարձակումներով իրականութեան կը վերածէ իր յարձակողապաշտ յայտարարութիւնները», կ՛եզրակացնէ Փալոն: