ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Յունիս 22ին կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան անդամ Ռաֆայէլ Հուսէյնով, Յունիս 21ին տարածած է «Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի գործունէութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը» խորագիրով յայտարարութիւն մը։
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Նկատի ունենալով, որ չեն իրականացուիր Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի վերաբերեալ վաւերացուած բանաձեւերը եւ որ անոնց կիրարկման նկատմամբ վերահսկողութեան բացակայութիւն գոյութիւն ունի՝ Եւրոպական խորհուրդի հասցէին քննադատութիւններ տեղի կ՛ունենան։ Պէտք է ողջունել ԵԽԽՎի նոր ղեկավարութեան ջանքերը՝ ենթայանձնախումբերու աշխատանքներ աշխուժացնելու կապակցութեամբ, որպէսզի ղեկավարութիւնը վերահսկէ բանաձեւերու կատարումը»։
Յիշեցնենք, թէ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայ նախագահն է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն Մեւլուտ Չաւուշօղլուն, իսկ Հուսէյնովի գովասանական խօսքերը անոր ուղղուած են:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման նպատակով ստեղծուած ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը փոխարինելու միտումով չէ, որ այս ենթայանձնախումբը պիտի վերակենդանացուի։ «Անշուշտ երկու կառոյցներն ալ ունին նոյնանման նպատակներ, սակայն անոնց գործունէութիւնը կը տարբերի եւ իւրաքանչիւրը կը ձգտի իր ներդրումը ունենալու խնդիրի կարգաւորման հարցին մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Յայտարարութիւնը ցարդ ստորագրած են քսան երկիրներու չորս հարիւր պատուիրակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.