ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կառավարութիւնը Երկուշաբթի, Յունիս 14ին վաւերացուց իսրայէլեան ուժերու կողմէ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն մը, որ պիտի կատարուի երկու օտարներու մասնակցութեամբ կազմուած յանձնախումբի մը կողմէ։
Իսրայէլ կը մերժէ միջազգային հետաքննութեան կոչերը՝ յայտնելով, որ ՄԱԿ եւ միջազգային այլ մարմիններ Իսրայէլի ի վնաս կողմնակալութեան երկարատեւ պատմութիւն մը ունին։ Սակայն Միացեալ Նահանգներու հետ խորհրդակցութիւններէ ետք, Իսրայէլ համաձայնեցաւ բարձրաստիճան երկու օտար դէտեր աւելցնել յանձնախումբին՝ անոր հաւաստիութիւնը ամրապնդելու յոյսով։ Հիւսիսային Իրլանտայէն, Նոպելեան մրցանակակիր Տէյվիտ Թրիմպըլ եւ Գանատայի նախկին զինուորական աւագ դատախազ զօր. Քեն Ուաթքին խորհրդակցական ձայնով պիտի մասնակցին հետաքննութեան։
Սպիտակ տունը ողջունեց Իսրայէլի հետաքննութիւնը՝ զայն անուանելով «դէպի յառաջ կարեւոր քայլ մը» եւ շեշտելով, թէ Իսրայէլ կրնայ «արդար հետաքննութիւն մը կատարել»։
Սակայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու քննադատեց այս քայլը, որովհետեւ Իսրայէլ կ՛ըլլալ «թէ՛ ամբաստանեալը, թէ՛ դատախազը է եւ թէ դատաւորը»:
«Թուրքիա այլ քայլեր կ՛ակնկալէ միջազգային ընտանիքէն, այլապէս՝ մենք կարգ մը քայլեր պիտի առնենք», ազդարարեց ան՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ չի կրնար անկողմնակալ հետաքննութիւն կատարել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.