ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Քանալ 10» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Իսրայէլի կարգ մը հանրախանութներ որոշած են այսուհետեւ թրքական արտադրութեամբ ապրանքներ չվաճառել։
Իսրայէլի մէջ գործող հանրախանութներու ամենամեծ ցանցերէն՝ «Ռամի Լեւի»ն, «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի միջադէպէն ետք որոշած է այլեւս չվաճառել թրքական արտադրութեան պատկանող ապրանքներ։ Նման որոշում առած է նաեւ «Մեկա» հանրախանութներու ցանցը։ Բացի ատկէ, ընկերութիւնը որոշած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ դադրեցնել ալիւրի եւ խմորեղէնի արտադրութիւնը։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, թէ շուտով պոյքոթին պիտի միանայ նաեւ Իսրայէլի մէջ գործող «Սուփերսոլ» հանրախանութներու ամենամեծ ցանցը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.